Առաջնորդարանէն

ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ ՊՕՂՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ԿԼԵՆՎԻՈՒ, ԻԼԻՆՈՅ) ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, Վահան Քհն. Գույումճեան եւ երէցկին Մակի, հոգաբարձութիւն, Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, դպրաց դաս եւ սարկաւագներ

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը

Շաբաթ, 19 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեանի, ժամանեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցի (Կլենվիու, Իլինոյ)։ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունենալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն հետ, ներկայացուց եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը։

Շուրջ երկու ժամ տեւող ջերմ ու սրտբաց մթնոլորտի մէջ,  Հոգաբարձութեան ու Հայր Սուրբին միջեւ անկեղծ զրոյցի ընթացքին փոխանակուեցան օգտաշատ ծանօթութիւններ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց համերաշխ գործակցութեան  եւ ապագային մշակուելիք ծրագիրներու մասին։

Յաջորդ առաւօտ՝ Կիրակի, 20 Փետրուարին, Գերապատիւ Հայր Սուրբը մատոյց հովուական իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը։ Յընթացս քարոզին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որ Դպրեվանքի տեսչութեան եւ Կաթողիկոսարանէն ներս այլ պարտականութիւններ վստահելէ ետք իրեն, այժմ առաքած էր զինք հովուական ծառայութեան՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Ապա, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն, որ զինք նշանակած էին Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Հայր Սուրբը  քարոզի նշանաբանը առած էր օրուան առաքելական նամակէն. «Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ ծառան եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կոչուած եմ Աստուծոյ ընտրեալները բերելու հաւատքի եւ ճշմարտութեան ճանաչումին, այն ճշմարտութեան՝ որ աստուածպաշտութեամբ կը գտնուի, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան»։ Ամենայն խոնարհութեամբ Առաքեալին պատգամը պատշաճեցնելով իր ծառայութեան, ան յայտնեց իր առաջնահերթութիւնները՝  հաւատքի ու ճշմարտութեան ուսուցումը առ հասարակ համայնքի բոլոր զաւակներուն, ինչպէս նաեւ  բազմակողմանի փորձառութեամբ դարբնուած  իր կեանքը ի սպաս դնել գաղութին առաւել աշխուժացման ու յառաջդիմութեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Թեմիս կազմակերպման եւ բարգաւաճման ի խնդիր իրենց ծառայութիւնը բերած հոգեւոր հայրերու հոգիներուն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Ռաֆֆի Գրիգորեան, յանուն հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու, բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին, յայտնելով որ անսակարկ գործակցութեամբ  նոր թափ պիտի ստանայ գաղութային կեանքը։ Տիար Արմէն Փափազեան եւս, յանուն Հ.Յ.Դ. Կոմիտէութեան, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.ի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Դ.ի ընտանիքներուն, բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին, յայտնելով իրենց անվերապահ աջակցութիւնը, ի խնդիր նոր հոգեւոր հովիւի աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ բոլոր ծրագիրներուն։

Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը, խօսք առնելով յանուն Թեմիս պատկան մարմիններուն, երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր հայրական խնամքը անխտիր կը տածէ տիրախնամ բոլոր Թեմերուն հանդէպ։ Վեր առնելով Հայր Սուրբին արժանիքները, մաղթեց որ Դպրեվանքի տեսչութեան պաշտօնի փորձառութեան ընդմէջէն, ան  դառնայ տիպար ուսուցիչ մը եւ հայր մը բոլորին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանին, որ իր երէցկին Մակիին հետ, անցնող վեց ամիսներուն զոհողութեան բարձրագոյն մակարդակի գիտակցութեամբ ամէն շաբաթավերջ այցելեց գաղութս, մատակարարելով հոգեւոր սնունդ եւ մխիթարութիւն։ Բարձրօրէն գնահատեց Հոգաբարձութիւնը, որ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց հետ ներդաշնակ գործունէութեամբ հեզասահ դարձուց փոխանցման այս շրջանը։ Նաեւ խրախուսեց հաւատացեալները, որ որպէս հարազատ հայր ու մայր, քոյր ու եղբայր վերաբերին Հայր Սուրբին հետ, եւ փոխադարձ սիրոյ, վստահութեան եւ հասկացողութեան ոգիով մեծ ընտանիքի ջերմութիւնը ստեղծելով, միջին Ամերիկայի միջնաբերդը հանդիսացող այս համայնքը առաւել եւս զօրանայ ի պատիւ Հայ եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ ի փառս Աստուծոյ։

Արժպ. Տ. Վահան Քահանայի ծննդեան վաթսունամեակի եւ Հայր Սուրբին բարի գալստեան կարկանդակներու հատումէն ետք, «Պահպանիչ» աղօթքով ու յոյսի մաղթերգ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ յիշատակելի այս օրը։