Տօներ

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ Պահքի շրջանը սկսած է, եւ եկեղեցին մռայլ, սգաւոր ու ապաշխարող կերպարանք մը ստացած։ Խորանը փակ է, խորհրդանշելով Ադամի ու Եւայի արտաքսումը Դրախտէն (Ծննդոց, գլ. 2 եւ 3)։ Ս. Պատարագի ընթացքին, հաղորդութիւն չի տրուիր։ Ապաշխարութեան եւ խորհրդածութեան շրջան մըն է՝ դէպի Յարութիւն ընթացող մեր հոգեւոր ճամբորդութեան միջոցին։ Աղօթքով ու պահեցողութեամբ կը ջանանք Աստուծոյ հաճելի ըլլալ եւ արարչագործութեան անմեղութիւնը վերականգնել։

Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր Կիրակի ծանօթ է յատուկ անունով մը։ Այս Կիրակի, 18 Փետրուար, Արտաքսման Կիրակի կը կոչուի, որուն պատգամը մեր նախածնողաց՝ Ադամ ու Եւայի շնորհազրկումն ու Դրախտէն վտարումն է։ Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակին երգուող շարականները մեզի կը յիշեցնեն արտաքսումը եւ կը հրաւիրեն ապաշխարութեան։

«Որ զօրէնս սրբութեան պահոց նախ ի դրախտին աւանդեցեր, զոր ոչ պահելով նախաստեղծիցն ճաշակմամբ պտղոյն ճաշակեցին զդառնութիւն մեղաց եւ մահու. վասն որոյ շնորհեա մեզ Տէր ճաշակել զքաղցրութիւն քոց պատուիրանաց» (Արտաքսման Կիրակին երգուող կանոնէն)

(Սուրբ պահքի օրէնքը նախ դրախտին մէջ աւանդեցիր, զոր նախաստեղծները չպահեցին, այլ պտուղին ճաշակմամբ մեղքի եւ մահուան դառնութիւնը ճաշակեցին. ուստի Տէր, պատուիրաններուդ քաղցրութեան ճաշակումը շնորհէ մեզի)։