Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ (1945-2022)

Արեւելեան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները կսկիծով իմացան վախճանումը Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանին, որ տեղի ունեցած է Շաբաթ, 26 Փետրուարին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։

Հոգելոյս Հայր Սուրբը, աւազանի անունով Յովսէփ, ծնած է Տէրիք (Սուրիա, Ճէզիրէ), 1945 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Ազատութիւն Վարժարանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է 1960ին։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 1964-ին, իսկ 4 Յունիս, 1967ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով Տ. Վահան Աբեղայ։ 14 Փետրուար, 1971ին վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն ստացած է՝ Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Գարեգին Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ, իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն՝ 13 Մայիս, 1983ին, Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ։

Հ. Վահան զանազան վանական պաշտօններ ստանձնած է Անթիլիասի մայրավանքէն ներս, ինչպէս՝ ուսուցիչ Դպրեվանքի եւ գաւազանակիր, նաեւ՝ «Հասկ» ամսագրի արտօնատէր։

1973ին հովուական առաքելութեամբ մեկնած է Գարագաս (Վենեզուէլա), ուր 25 տարի ծառայելէ ետք, 1998-2000 թուականներուն հովուական ծառայութիւնը շարունակած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս որպէս հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք)։ 2000-2006ին նշանակուած է Վանգուվըրի (Գանատա) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, 2006ին իբրեւ առաջնորդի օգնական առաքուած է Բերիոյ հայոց թեմ, իսկ 2017ին՝ վերադարձած Անթիլիասի Մայրավանք։

Երեքշաբթի, 1 Մարտի առաւօտուն, յընթացս Ս. Պատարագի, վերջին օծման եւ թաղման կարգը տեղի ունեցած է Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ,  գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը, ինչպէս նաեւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։