Առաջնորդարանէն

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՀԱՄԵՐԳԸ «ԳԱՌՆԸԿԻ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Մարտին, «Գառնըկի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարեշրջանի համերգը, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի երաժշտական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբին։ Սրահը լեցուցած երաժշտասէր հասարակութիւնը մեծապէս վայելեց յայտագիրը։ Առաջին բաժնին մէջ, երգահան եւ յօրինող Տաթեւ Ամիրեան ներկայացուց դաշնակի համար գրուած իր գործերը՝ արդիական ու ինքնատիպ հնչեղութեամբ։ Անոր յօրինած կարգ մը երգերը, հեղինակի ընկերակցութեամբ, մեկնաբանեց սոփրանօ Աննա Հայրապետեան։

Երկրորդ բաժնին մէջ, 18ամեայ թաւջուկահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան ներկայացուց Կոմիտասի, Պրամսի եւ Չայքովսկիի գործեր, ընկերակցութեամբ մօր՝ դաշնակահարուհի Լիլիթ Նաւասարդեանի։

Սեղմելով այստեղ, կրնաք կարդալ անգլերէն մանրամասն թղթակցութիւնը։