Մեր ծուխերէն

ԵՐԵՔ ԾՈՒԽԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՔՈՒԻՆ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՔԸՆԷԹԻՔԸԹ)

Ուրբաթ, 18 Մարտին, Հարթֆըրտի եւ Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս, Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ երեք եկեղեցիներու հաւատացեալները, միասնաբար աղօթեցին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն)։ Արժպ. Տ. Յարութիւն Քհն. Սապունճեան «Աստուած ընդ մեզ է» նիւթով քարոզեց։

Մեծ Պահքի ընթացքին, իւրաքանչիւր Ուրբաթ, հերթով երեք ծուխերը կը ստանձնեն Հսկումի արարողութիւնը եւ ապա՝ հաւատացեալները միասնաբար հիւրասիրութիւնը կը վայելեն։