Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆԱՐ

Սարկաւագներու սեմինարը, որուն ուսումնական ծրագիրը պատրաստուած է Բարշ. Գէորգ Ա. Սրկ. Լէյլէկեանի կողմէ, ամբողջացուց գարնան եռամսեան՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ։ Յունուար-Մարտ 2022ին, սարկաւագներու եւ խորանի այլ ծառայողներու մասնագիտացած դասեր ներկայացուեցան Աւագ Շաբթուան աստուածաբանութեան մասին մեր աւանդութեան մէջ։ Աւելի քան 40 մասնակիցներ հետեւեցան դասերուն, որոնք տեղի ունեցան շաբաթը երկու անգամ, երկու ժամուան ընթացքին։ Այս դասընթացքը, որ առցանց կերպով տեղի կ՚ունենայ երկու տարիէ ի վեր, մեծ գնահատանքի արժանացած է բոլոր մասնակիցներուն կողմէ։