Լուրեր, Տօներ

ԻՒՂԱԳԻՆ

Իւղագինի նուիրատուութիւնը, ի մասնաւորի՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան առիթով, մեր Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութիւն մըն է։ Ժամանակին ծխականները դրամական նուէրներ կ՚ընէին՝ իւղ գնելու եւ եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնը ապահովելու համար։ Աւանդութիւնը կը շարունակուի, թէեւ ներկայիս դրամը լամբերու իւղին չի յատկացուիր, այլ՝ լոյսի, ջեռուցումի եւ օդորակումի (air condition) հաշուեցոյցերը վճարելու։ Գաղափարը ի զօրու է, յատկապէս այս օրերուն, երբ կը դիմագրաւենք առողջապահական արտակարգ իրավիճակի բերած անակնկալ դժուարութիւնները։ Ձեր իւղագինը մեծապէս պիտի գնահատուի՝ մեր եկեղեցիներու բարեկեցութեան բերած նպաստով։