Կաթողիկոսարանէն

ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ

Ծաղկազարդի տօնին առիթով զարդարուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ամենէն շատ գոյն ու կեանք կու տան մեր մանուկները, ոմանք մանկական լրջութեամբ հետեւելով Ս. Պատարագին, ուրիշներ վազվզելով շրջափակի զարդարանքներուն շուրջ եւ կամ յիշատակի նկարներ առնելով։

Կիրակի, 10 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Բազմաթիւ հայորդիներու մասնակցութեամբ մանուկներու աւանդական թափօրէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին իր Հայրապետական խօսքը յղեց Վեհարանէն։ Ի տես բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան Մայրավանքին մէջ, Հայրապետը ըսաւ, թէ մեր հաւատքը խորացնող եւ մեր յոյսը ամրացնող տեսարան մըն էր, յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս, դժուար օրեր ապրած ենք ու կ՚ապրինք, սակայն մեր հաւաքական հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կարողացած ենք դիմագրաւել եւ յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն եւ Հայրապետական խրախուսանքով եւ Քրիստոսի խօսքը փոխանցելով, ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ժողովուրդ հայոց։ Մի՛ վախնար որեւէ չարէ ու չարիքէ։

Հաւա՛տք ունեցիր, որպէսզի հաւատքով դիմակայենք ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր»։ Խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր գահակալով, միաբանութեամբ, թեմական եւ ժողովական կառոյցներով, լիբանանահայութեան կողքին է։ «Ամէն իմաստով քեզի հետ պիտի շարունակենք ըլլալ, որովհետեւ Լիբանանի հայութիւնը կարեւոր դեր ունի ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ, որպէս Լիբանանի գլխաւոր համայնքներէն մէկը, այլ նաեւ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Հետեւաբար, սա պահուն, վերանորոգենք մեր հաւատքը, կամքը ու յոյսը. համախմբուինք մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն շուրջ եւ վստա՛հ եղէք, երբ միակամ ենք, կրնանք ամէն տեսակ չար ու չարիք հեռացնել մեր կեանքէն եւ շարունակել մեր կազմակերպ ու կենսունակ կեանքը»։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց, հաւատացեալները հրաւիրելով Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ հաւատքո՛վ դիմաւորելու, որպէսզի Անոր ներկայութեամբ մեր կեանքը ծաղկազարդուի հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներով։

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք, աւելի քան հազար փոքրիկներ բարձրացան Հայրապետին քով եւ ստացան անոր օրհնութիւնն ու նուէրը։