Տօներ

ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Զատկուան Կիրակիին յաջորդող յիսուն օրուան շրջանը (Յինունք)՝ Յարութենէն մինչեւ Հոգեգալուստ, նուիրուած է Յարութեան փառաբանման։ Յինունքի եօթը Կիրակիներէն իւրաքանչիւրը յատուկ անուն մը ունի։ Կիրակի, Մայիս 1ին կը նշուի Կանաչ Կիրակին, որ նաեւ կը կոչուի Աշխարհամատրան Կիրակի, որովհետեւ այդ օր կը յիշուի առաջին քրիստոնէական եկեղեցւոյ հաստատումը Երուսաղէմի վերնատան մէջ, հոն ուր Քրիստոս ունեցաւ Վերջին Ընթրիքը եւ յետ Յարութեան հանդիպեցաւ Առաքեալներուն։

Կանաչ Կիրակին, ամենայն հաւանականութեամբ, իր ծագումը առած է գարնանային հինաւուրց տօնակատարութենէ մը։ Մեր նախահայրերը, տեսնելով մայր հողի ծաղկումը երկար ձմեռէն ետք, Արարիչը փառաբանած են գոհաբանութեան արարողութեամբ՝ կանաչութեամբ զարդարելով եկեղեցին ու իրենք զիրենք։ Բնութեան զարթօնքը կը խորհրդանշէ Յարութիւնը, իսկ կանաչը կեանքի, թարմութեան ու խոստումի գոյնն է։ Յաջորդելով ձմրան, Յարութիւնը մեզ կը պարուրէ յոյսով, կեանքով ու սիրով։

Կանաչ Կիրակին լաւագոյն ժամանակն է, որ յիշենք եւ զօրացնենք մեր պարտաւորութիւնը իբրեւ երկրի բարի տնտեսներ ու Աստուծոյ պարգեւներու պահապաններ։

«Որք արժանաւորեցայք ի կոչումն փառաւորութեան Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ. եկայք ժողովուրդք երգեցէք տեառն երգ նոր. երգեցէք զանուն նորա ձայնիւ ցնծութեամբ յօրհնութիւն ի նոր։

Զօրացեալքս ի քեզ Քրիստոս ժողովուրդք հաւատացելոց, ճշմարիտ խոստովանութեամբ օրհնեմք զխորհուրդ աստուածային կենսաբեր տնօրէնութեան քո. փառաւորելով զահաւոր եւ զսքանչելի անուն քո, Տէր, տէր մեծ ի վերայ ամենայն երկրի։

Ուրախ լեր եկեղեցի սուրբ հարսն երկնաւոր խորհրդոյն ի փառս ամենասուրբ երրորդութեանն. որ համագոյ իշխանութեամբն իւրոյ զարդարեաց ծագմամբ լուսոյ, պսակէ զքեզ ի պատիւ ամենայն սրբովք իւրովք»։

(Ժողովուրդներ, դուք որ մեր Քրիստոս Աստուծոյ փառաւորութեան կոչին արժանացաք, եկէ՛ք Տիրոջ նոր երգ երգեցէք, անոր անունը ցնծութեան ձայնով նոր օրհնութեամբ երգեցէք։

Քրիստոս, քեզմով զօրացած հաւատացեալներու բազմութիւններս ճշմարիտ խոստովանութեամբ կ՚օրհնենք քու մարդեղութեանդ աստուածային կենսաբեր խորհուրդը, փառաւորելով ահաւոր եւ սքանչելի անունդ Տէ՛ր, մեծ տէր ամբողջ երկրի վրայ։

Սուրբ եկեղեցի՝ երկնաւոր խորհուրդին հարս, ուրախացիր փառաւորելով ամենասուրբ Երրորդութիւնը որ իր համագոյ իշխանութեամբ կը զարդարէ քեզ լոյսին ծագումով եւ կը պսակէ պատուելով իր բոլոր սուրբերով)։