Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԴՈԿՏ. ԱՐՍԻՆԷ ՕՇԱԿԱՆԻ (1 Ապրիլ 1942 – 28 Ապրիլ 2022)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները խոր վիշտով իմացան դոկտ. Արսինէ Օշականի մահը,  որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 28 Ապրիլին, Ֆիլատելֆիայի մէջ:

Դոկտ. Արսինէ Օշական գործօն անդամուհի էր Ֆիլատելֆիայի հայկական համայնքին: Անոր ծառայութիւնը եղաւ ո՛չ միայն տեղական, այլեւ ազգային եւ նոյնիսկ համահայկական, իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայութեան դաստիարակչական եւ մշակութային կրթական ճիգերուն ամէնուրեք:

Իր սիրեցեալ ամուսնոյն՝ հանգուցեալ գրագէտ ու մտաւորական դոկտ. Վահէ Օշականի հետ միասին, մշակութային, գրական, կրօնական եւ հայրենասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ անձամբ քաջալերած է զանազան երկիրներու մէջ։

Հանգուցեալը ծնած էր 1 Ապրիլ 1942-ին, Հարթֆըրտ, Քընէթիքըթ։ Դուստրն էր Յակոբ եւ Աստղիկ (Սաչաքլեան) Ռստիկեաններուն: Ընտանեօք յաճախած է տեղական Ս. Ստեփանոս եկեղեցին եւ անոր կիրակնօրեայ վարժարանը, որուն տնօրէնութիւնը պիտի ստանձնէր ապագային: Նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք, յաճախած ու աւարտած է Լումիս Չէյֆի վարժարանը:

Բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ՝ Մաունթ Հոլիյոք գոլէճ (Պսակաւոր Արուեստից), ապա Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի ճիւղ (Մագիստրոս Արուեստից) եւ Քընէթիքըթի համալսարան (Փիլիսոփայութեան Դոկտորա): Տարեշրջան մը ուսանած է Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժնին մէջ:

Հայեցի դաստիարակութեան մէջ անոր գործունէութեան գագաթնակէտը եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի «Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» ազգ. վարժարանի, Ֆիլատելֆիայի Հայ Քոյրերու Վարժարանի եւ Համազգայինի «Արշակ եւ Սոֆի Գօլստըն» գոլէճի (Սիտնի, Աւստրալիա) տնօրէնութիւնը:

Հանգուցեալ դոկտ. Օշական բուռն սիրով լեցուն էր Ֆիլատելֆիայի հայ համայնքին եւ յատկապէս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հանդէպ, ուր երկար տարիներ ծառայած էր որպէս դպրուհի, հոգաբարձու, ազգային երեսփոխան եւ չափահասներու հայերէնի ուսուցչուհի:

Դոկտ. Արսինէ Օշական քոյրն էր փոխ-գնդապետ Գէորգ Ճորճ եւ կնոջ՝ Պարպարա Ռստիկեաններուն եւ Շաքէ Ռստիկեանին: Իր ետին կը թողու նաեւ երկու խորթ զաւակներ՝ դոկտ. եւ տիկ. Հայկ եւ տէր եւ տիկ. Արա Օշականներ, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներն ու թոռները:

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 11 Մայիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ի նպաստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամ Հայ Քոյրերու Վարժարանին: