Տօներ

ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ

Կիրակի, 7 Մայիսին, Ս. Խաչին նուիրուած առաջին տօնն է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ։ 351 թուականի Մայիս 7ին Ս. Խաչի լուսափայլ նշանը կը ծածկէ Երուսաղէմ քաղաքի երկնակամարը Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ՝ շուրջ երկու մղոն տարածութեամբ։ Կիւրեղ Երուսաղէմացի պատրիարքը՝ տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետներէն մէկը, այս առիթով Բիւզանդիոնի Կոստանդ կայսեր յիշեցուցած է անոր հօր՝ Կոստանդին Մեծի ուղղափառ հաւատքին մասին։ Կիւրեղ Երուսաղէմացի, որ նաեւ մեր Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կը յիշուի, պնդած է, որ Երեւումը ուղղափառութեան վերադառնալու յաւելեալ պատճառ մըն էր։

Աւանդաբար, այս տօնին կը կարդացուի Կիւրեղ Պատրիարքի ուղերձին հայերէն թարգմանութիւնը՝ Աւետարանի ընթերցումին կանխող Անդաստանի արարողութեան ժամանակ։ Ս. Խաչի Երեւումը կը տօնուի Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն կողմէ։ Յոյն Եկեղեցին զայն կը նշէ 7 Մայիսին, իսկ հայկական թուականը շարժական է, քանի որ կը համապատասխանէ Զատկուան հինգերորդ Կիրակիին։

Ահա հատուած մը Կիւրեղ Երուսաղէմացիի նամակէն՝ խաչի երեւման մասին.

«Արդարեւ, Ս. Պենտեկոստէի օրերուն, Ահեկան ամսուան սկիզբը, երրորդ ժամուն, լոյսէ կազմուած ամենայաղթ Խաչը, երկինքին վրայ Ս.Գողգոթային վերեւէն մինչեւ Ձիթենեաց սուրբ լեռը ցոլալով կ’երեւէր: Ո՛չ թէ մէկ կամ երկու հոգիներու կողմէ միայն տեսնուեցաւ, այլ քաղաքիս ամբողջ բազմութեան յայտնապէս կ’երեւէր: Ո՛չ թէ հարեւանցի եւ արագ անցնող տեսիլքի պէս, այլ ժամերով ակնյայտնի կերպով երկինքի երեսը տեսանելի էր: Ու իր բոցաճաճանչ փայլով արեգակի ճառագայթներուն կը յաղթէր: Եւ այն աստիճան ուժգին էր դիտողներուս համար անոր ճառագայթումը, որ առհասարակ քաղաքի ամբողջ բազմութիւնը սուրբ եկեղեցի փութաց, եւ աստուածային այս տեսիլքէն ուրախութեամբ լեցուած մանուկներ եւ ծերեր, այրեր եւ կիներ եւ ամէն տարիքի մարդիկ, ըլլան բնիկ եւ ըլլան դուրսէն եկած քրիստոնեաներ, միահամուռ եւ միաբերան կ’օրհնէին եւ կը գովաբանէին մեր Տէրը եւ Աստուծոյ Միածին Որդին: Քանզի փորձով եւ գործնականապէս ապացուցուեցաւ թէ քրիստոնէական կրօնքը ո՛չ միայն խօսքի իմաստութեամբ կը հաստատուի, այլ նաեւ Հոգիին յայտնութեամբ եւ Անոր զօրութեամբ: Մարդոցմէ չէ միայն որ կը պատմուի, այլ նաեւ երկինքէն կը վկայուի»: