Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՆՇԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 12 Մայիս, 1886)

Անունը պատմութեան պիտի չանցնէր, եթէ հռչակաւոր «Թիթանիք» նաւու հայ վերապրողներէն մէկը չըլլար, ինչպէս եւ այն մէկը, որուն մասին գրուած է, առանց որեւէ հիմքի, որ նաւէն խոյս տուած է կնոջ հագուստով ծպտուած։

Նշան Գրիգորեան ծնած է 12 Մայիս, 1886ին, Քղի գիղին մէջ (Կարնոյ նահանգ)։ 1912ի սկիզբներուն, երբ թրքական հալածանքները վերստին անտանելի դարձած են, որոշած է գաղթել խումբ մը համագիւղացիներու հետ (Արսէն Սիրականեան, Դաւիթ Վարդանեան, Յարութիւն Զաքարեան եւ Մամբրէ Զաքարեան) ու մեկնիլ Գանատա։

Խումբ մը 15 հայերու հետ, Գրիգորեան եօթ օր քալած է դէպի Տրապիզոն ու Սեւ ծովէն նաւ նստած մինչեւ Մարսէյլ։ «Թիթանիք» մտած է Շէրպուրկի մէջ երրորդ կարգի տոմսակով, ուր «հաւու պէս խցկուած էր» իրենց սենեակին մէջ։

Ապրիլ 14, 1912ի երեկոյեան, երբ սառցալեռը հարուածած է նաւը, Գրիգորեան յաջողած է գլխաւոր տախտակամածը հասնիլ, քանի մը ուրիշ մարդոց հետ կղպանք մը կոտրելէ ետք (օրուան կանոնները կը պահանջէին, որ երրորդ կարգի ճամբորդները մեկուսացած ըլլային առաջին եւ երկրորդ կարգերու ճամբորդներէն)։ Հասած է, երբ 10րդ ու վերջին նաւակը կ՚իջնէր ծով, կիսով չափ լեցուն։ Արագօրէն վազած ու ցատկած է նաւակին մէջ։ Պատմութիւններ եղած են հայու մը մասին, որ փախած է կնոջ տարազով ծպտուած, ինչ որ հաւանաբար Գրիգորեանի հագուստներուն հետ շփոթի հետեւանք էր, ինչպէս եւ վերապրող օտարականներու հանդէպ նախապաշարման արտայայտութիւն։

Գրիգորեան թոքատապով հիւանդացած է։ Նիւ Եորք հիւանդանոց պառկած է, իսկ երբ վերջապէս հասած է Պրէնթֆորտ (Օնթարիօ), կրկին հիւանդանոց պառկած է երկու շաբաթ։

1918ին տեղափոխուած է Սէնթ Քէթրինզ (Օնթարիօ), ուր ամուսնացած է Բերսաբէ Վարդանեանի (1898-1985) հետ, 12 Յուլիս, 1924ին։ Երեք զաւակ ունեցած են՝ Ալիս, Ճորճ եւ Անճելին։ Գրիգորեան աշխատած է ամբողջ կեանքը «Ճենըրըլ Մոթորզ» գործարանին մէջ։

Մահացած է Սէնթ Քէթրինզի մէջ, 21 Մայիս, 1978ին, 92 տարեկանին, եւ թաղուած է տեղւոյն գերեզմանատան մէջ։