Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ՝ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիաս, 18 Մայիս 2022

Թիւ 69/22

 

Գերաշնորհ
Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին
Նիւ Եորք

 

Սիրելի՛ Սրբազան,

Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կը շնորհաւորենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին։

Արդարեւ, թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ առնուած այս քայլը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, եթէ ոչ արգասիքը այն նուիրեալ ծառայութեան, զոր վերջին չորս տարիներուն խոր նախանձախնդրութեամբ եւ Ազգ. Իշխանութեան հետ ամբողջական գործակցութեամբ մատուցիք թեմի ժողովուրդին։ Ծառայութիւն մը, որ սկիզբ առած է թեմէն ներս Ձեր ունեցած երկար տարիներու անխոնջ գործունէութեամբ։

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, որ դուք միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցաք մեր Սուրբ Աթոռին հետ, յատկապէս լիբանանահայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս բերելով Ձեր թեմի գործօն մասնակցութիւնը։ Այս առիթով անգամ մը եւս Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Ձեզի, թեմի ժողովականութեան ու ժողովուրդին։

Մեր հայրական մաղթանքն է, որ Ամենաբարին Աստուած Ձեզի եւ Արեւելեան թեմի Ազգ. Իշխանութեան բոլոր անդամներուն պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ վերանորոգ ծառայական խանդ։ Կը հայցենք, որ Աստուած Իր օրհնութեամբը արդիւնաւորէ Ձեր առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի սպաս Ձեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին։

Հայրական սիրոյ ողջունիւ,

Աղօթարար,

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ