Հայ լեզուի անկիւնը

ԱՐԱՐՉՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ

Արարչութեան հինգերորդ օրը, «Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին համեմատ ըրաւ, ընտանի անասունները՝ իրենց տեսակին համեմատ, ու երկրի վրայ սողացող բոլոր սողուններուն» (Ծն 1.25), իսկ յետոյ «Ադամ բոլոր ընտանի անասունները, երկինքի թռչուններն ու դաշտի բոլոր գազանները կոչեց իրենց անուններով» (Ծն 2.20)։

Հետաքրքրական է նշմարել, որ դաշտի գազաններէն առաջինը, որ Ծննդոց գիրքին մէջ իր անունով կ՚երեւի, օձն է. «Տէր Աստուծոյ ըրած բոլոր դաշտի գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը» (Ծն 3.1)։ Վստահ ենք, որ պէտք չունինք ընթերցողներուն յիշեցնելու, թէ խորամանկ օձը ի՞նչ ըրաւ մարդկային ցեղին…

Անգլերէն serpent («օձ») բառը լատիներէն serpens («օձ») բառէն կու գայ՝ ֆրանսերէնի ճամբով, որուն բուն աղբիւրը serpere («սողալ») բայն է։ Առ ի բաղդատութիւն, հայերէն սողուն բառն ալ սողալ բայէն կու գայ։ Օձերը, ինչպէս գիտենք, սողուններու տեսակին կը պատկանին։

Մարդիկ կան, որոնք երբեմն կը գանգատին, որ հայերէն բառերը երկար են՝ անգլերէնի բաղդատմամբ։ Ահաւասիկ հակառակ օրինակը՝ երկվանկ serpentի դիմաց, ահա ունինք հայերէն միավանկ օձը։ Թերեւս serpent շատ «երկար» էր որոշ մարդոց ճաշակին համար, եւ այս պատճառով կրնայ ըլլալ, որ այսօր բանաստեղծական իմաստով կը գործածուի, իսկ սովորական լեզուին մէջ միավանկ snakeը փոխարինած է զայն։

Օձերը երկու տեսակներու բաժնուած են՝ թունաւոր եւ ոչ-թունաւոր։ Թունաւոր օձերը կը կոչուին իժ, իսկ ոչ-թունաւոր օձերու պարագային շատ աւելի քիչ ծանօթ լորտու բառը գոյութիւն ունի։

Մինչ օձերը երբեմն սուրբ գրային հաւատալիքներուն մէջ դրական կողմ մը ցոյց կու տան (ինչպէս անապատի մէջ Մովսէսի բարձրացուցած պղնձեայ օձը, Թուոց 21. 4-9, Յհ 3:14), տարակոյս չկայ, որ անոնց չարագործ դերը՝ Աստուծոյ հրահանգը անտեսելու եւ մարդկութեան անկումը պատճառելու, զանոնք լայնօրէն արժանի դարձուցած է խորհրդանշելու նենգաւոր, խարդախ, բանսարկու անձը մը, որուն օրինակները, դժբախտաբար, աշխարհը տեսած է անցեալին եւ կը շարունակէ տեսնել այսօր։

Կրնայ ըլլալ, որ ձեր կեանքին մէջ իրական օձ մը չտեսնէք, բայց, այսուհանդերձ, պէտք է զգոյշ ըլլաք անոնցմէ։