Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

«ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼ ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ». ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ եւ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի յարգարժան պատգամաւորներ,

Կ՛ողջունեմ ձեզ բոլորդ Յարուցեալ Քրիստոսի սիրով։

Արեւելեան Ամերիկայի Առաջնորդութեանս  այս շրջանի աւարտին,  Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի երախտագիտական աղօթքը կրկնելով կ՛ըսեմ. «Փա՜ռք Քեզի, ո՛վ Աստուած, փա՜ռք Քեզի, ամէն բանի համար, Տէ՛ր, փա՜ռք Քեզի»։

«Փա՜ռք Քեզի, ո՛վ Աստուած», որովհետեւ երկու տարուան  առցանց ժողովներէ ետք , այսօր, բոլորիս ներկայութեամբ կը գումարուի Երեսփոխանական ժողովը Ֆիլատելֆիոյ՝ եղբայրական սիրոյ քաղաքին մէջ, ուր սկսաւ  Ամերիկայի մէջ իմ ծառայութեանս ճամբորդութիւնը 1984 թուականին։

«Փա՜ռք Քեզի, Տէ՛ր» կ՛ըսեմ յետ ընտրութեանս առաջին մէկուկէս խաղաղ տարուան համար, որով առիթը ընծայուեցաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր բոլոր գաղութներուն,  բաժնելու մեր փորձառոթիւններն ու մտահոգութիւնները, որոնք դուռ բացին նոր տեսիլքներ գործադրելու։ Աւա՜ղ, համավարակը կասեցուց համայն մարդկութեան բնականոն ընթացքը, պատճառ դառնալով ընտանիքներէ եւ համայնքներէ ներս անսահման վիշտի ու կորուստի։

Այսուհանդերձ, դարձեալ կ՛ըսեմ «Փա՜ռք Քեզի, Տէ՛ր», որ Առաջնորդութեանս մնացեալ շրջանին նորանոր կարելիութիւններ ընծայեց, զօրաշարժի ենթարկելով մեր ներքին, ննջող կարողականութիւնները,  եւ առհասարակ մեր բոլոր համայնքները վերակենդանացնելով աննախընթաց միջոցներով, առաջնորդեց մեզ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝  Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ կաթողիկոսի խոհեմ ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ անվերապահ գործակցութեամբ Երեսփսոխանական ժողովի պատգամաւորներուն, Ազգային Վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներուն, Հովիւներուն․ Հոգաբարձութեանց, յարա-կից Մարմիններուն եւ Քոյր կազմակերպութեանց։ Ոչի՛նչ ունիմ ընծայելիք Աստուծոյ, բացի երախտագիտութենէ, որ համավարակի ամբողջ ընթացքին, հակառակ ամէն արգելքներու, առաջնորդեց զիս առանց բացառութեան ամէն Կիրակի այցելելու մեր բոլոր Ծուխերը, արդարացնելով առաքելական վկայութիւնը, թէ «ոչի՛նչ կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն» (Հռ 8.31), որպէսզի ծառայենք մեր ժողովուրդին, եւ Հօտը մօտեցնենք Գերագոյն Հովիւին, ի պահանջել հարկին «մահուան ձորին» (Սղ 23.4) մէջէն ճամբորդելով։

Նախորդ Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Առաջնորդարանի ծառայութիւնը խտացուցած էի երեք բառերու մէջ՝ Գոյապահպանում, Պատշաճեցում եւ Ստեղծագործում։ Իրա՛ւ որ գերագոյն աստիճանի ուրախութիւն էր վկայ ըլլալ այն իրողութեան, որ դոյզն փորձառութիւն չունենալով հանդերձ, մարդկութեան սպառնացող  աննախընթաց այս մարտահրաւէրին յաղթահարեցինք, եւ Գոյապահպանման ու Պատշաճեցումի սահմաններէն անցնելով , հարստացուցինք երկհազարամեայ մեր հաւատքն ու ստեղծագործ կամքը, որպէս Աստուծոյ պատկերը։ Հաւատարիմ մնալով Աւանդութեան ոգիին, որոնեցինք եւ որդեգրեցինք նորոգութեան նոր ճամբաներ  Յարուցեալ Քրիստոսով։

Յետ համավարակի այս նոր շրջանի սկզբնաւորութեան․ երբ 2022 տարին Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ, նաեւ պիտի տօնախմբենք Ազգային Առաջնորդարանի վաթսունհինգամեայ  առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, հաստատ գիտենք, թէ արհեստագիտութեան եւ ընկերային փոխ-յարաբերութեան մէջ հսկայական փոփոխութիւններ եղան եւ շատ հաւանաբար 2020ի  տասնամեակը պիտի դառնայ  նորանոր գիւտերով օժտուած արդիականացումի ժամանակաշրջան մը, տարբեր աւանդական բոլոր հասկացողութիւններէն ու եղանակներէն։ Ազգային Առաջնորդարանը ինչպէ՞ս պատրաստուած է դիմակալելու փոխանցման այս շրջանը, եւ ինչպէ՞ս կրնայ  առաջնորդողի գծի վրայ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք Առաջնորդարանի կողմէ  եւ Թեմի մէջ յառաջիկայի շրջանցման այս նոր մարտահրաւէրը։ Ասոնք պիտի ըլլան մեր աշխատանքային ծրագիրներու կիզակէտը, որոնք պէտք է դարբնեն մեր կամքն ու կորովը, որպէսզի ամրացնենք Առաջնորդարանի Ապագայի Հիմքերը (Fortify the Foundations of the Prelacy’s Future)։

ՀԻՄՔԵՐԸ ԱՄՐԱՑՆԵԼը կը սկսի 65ամեայ Առաջնորդարանի բազմատարածքային յայտագիրները առարկայական մօտեցումով վերարժեւորելով։ Անցնող վեցուկէս տասնամեակներուն Հայ Քրիստոնեայի դիմագիծը պահելով հանդերձ ձուլարան (melting pot) նկատուող այս Նոր Աշխարհին մէջ, Առաջնորդարանը ընթացած է համեստ, բայց յառաջդիմող քայլերով; Այսպէս՝

  • 1957էն ի վեր Թեմիս հոգեւորական եւ աշխարհական դասերը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետներու հովանիին ներքեւ, միասնաբար խնամեցին ու կը շարունակեն խնամել ինքնութիւնը Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն, որոնք կը ջանան իրենց դարաւոր ժառնգութիւնը պահպանել յարատեւ արդիականացող աշխարհի մէջ։
  • Կարճ ժամանկամիջոցի ընթացքին, համարեա մեր բոլոր Ծուխերը օժտուեցան Հովիւներով, որոնք զանազան կերպերով հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային հարկ եղած պէտքերը մատուցին։ Աւագ սերունդի այս նուիրեալները, փոխարինուեցան նոր եկեղեցականներով , որոնք իրենց կարգին դարձեալ երիտասարդ սերունդով։ Առաջին սերունդի «վերջին Մոհիկանը»՝ Արժպ․ Տէր Խորէն Ա․ Քհն․ Հապէշեան, իր 89րդ տարեդարձը կը տօնէ այս տարի Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ։ Ներկայիս  21 եկեղեցականներ կը ծառայեն, որոնց միջին տարիքը 45 է։
  • Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC), հաստատուած 1960ի սկիզբը, եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդը (AREC), հաստատուած1980ի սկիզբը, ծրագրուած էին վերահսկելու Առաջնորդարանի Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ հայեցի եւ կրօնական ջամբուած կրթութիւնը։ Հետզհետէ աշխատանքային ծիրը ընդարձակելով, անոնք մատակարարեցին բազմազան յայտագիրներ։ Երիտասարդական Առաքելութիւնը, որ նորագոյն ծառայութիւնն է, հաստատ քայլերով  կ՛արմատաւորուի, իր դրոշմը թողլով նորահաս սերունդին վրայ։
  • Բարեսիրական առաքելութիւնը, որ շօշափելի կերպով կազմակերպչական բնոյթ ստացաւ 1970ական թուականներուն, Լիբանանի աղէտեալներուն օգնելու գծով, 1988ի Սովետական Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն ետք յատուկ բաժանմունքի կառոյց ստացաւ, օժանդաակութիւն հասցնելով Հայաստանի հանրապետութեան, Արցախի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ։ Երեւանի մէջ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակը Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական  ծառայութեան հարազատ պատկերն է, որ կը ցոլացնէ Քրիստոնէական հաւատքի սիրտը։
  • Մշակութային եւ ընկերային յայտագիրները՝ պարզ դասախօսութիւններէ մինչեւ համազգային ձեռնարկներ, որոնք կը պանծացնէին մեր ազգի անկորնչելի ժառանգը, լաւագոյնս սատարեցին մեր ժողովուրդի հաստատ քայլերով  յառաջընթաց երթին ։
  • Հաղորդակցութեան Բաժանմունքը, սկզբնական շրջանին “Outreach”ով․ այնուհետեւ շաբաթական “Crossroads”ով, նաեւ ընկերային ցանցի գրառումներով (social media postings), դարձաւ ազդու միջոց մը, որով մեր ժողովուրդը ըստ կարելւոյն տեղեակ կը պահուի Առաջնորդարանի եւ առ հասարակ մեր եկեղեցիներու իրագործումներուն մասին։

Ազգային Առաջնորդարանի անցնող վեց  տասնամեակներու Առաքելութեան եւ Ծառայութեան հակիրճ պատկերը տեսնելէ ետք, այժմ վեր առնենք էական կարգ մը ծրագիրները՝ Ամրացնելու համար Առաջնորդարանի Ապագայի Հիմերը։

  • Ա, Հայ Քրիստոնեայի ոգիի ամենէն վաւերական յատկանիշերէն մէկը  հիւրընկալութիւնն է, արտայայտուած «բարի եկաք » խօսքով։ Յիսուս ըսաւ․ «Դուք Զիս ընդունեցիք» (Մտ 25:35)։ Համավարակի ընթացքին պետական եւ առողջապահական հաստատութիւնները մնայուն կերպով զգուշացումներ ըրին՝ խուսափելու ժողովրդային հաւաքոյթներէ, եւ այս արգելքները իրենց ժխտական  անդրադարձը ունեցան մեր վերաբերմունքին՝ ընտանիքի, բարեկամներու, գործակիցներու եւ առհասարակ համայնքի բոլոր անդամներու յարաբերութեան վրայ։Համավարակէն դուրս գալով, Առաջնորդարանին եւ Ծուխերու առաջնահերթութիւններէն մին պիտի ըլլայ արտահաս ծառայութիւնը՝ դիմաւորելու  համայնքի մեր զաւակները, առաջին հերթին անոնք, որ պատկանելիութեան արմատներ ունին եկեղեցւոյ եւ համայնքին։ Համավարակի պատճառաւ, հաւատացեալներէն շատեր կղզիացած մնացին իրենց այնքան սիրած համայնական կեանքէն։ Ամէն ջանք պիտի թափենք, որպէսզի առողջապահութեան եւ ապահովութեան սահմաններուն մէջ շարժելով, զանոնք մասնակից դարձնենք  գաղութային կեանքին։
  • Բ․ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութիւնը կը գործադրուի եւ կ՛ընդարձակուի նուիրեալ եկեղեցականներով։ Գիտութեան մշտափոփոխ այս դարուն, կարեւոր է որ եկեղեցականները զինուած ըլլան բարձրագոյն ուսումով  եւ արհեստագիտութեան ծանօթացումով, որպէսզի աւելի ազդու կերպով  հաղորդակցին ծխականներու եւ իրենց շրջաապատին հետ։ Հրամայական է քայլ պահել մշտանորոգ ընկերութեան հետ։ 1950էն մինչեւ 1980ական թուականները մեր բարեպաշտ հաւատացեալները կը բաւականանային եկեղեցւոյ ծիսական եւ խորհրդակատարական մատակառարումով։ Հետզհետէ ընկերութիւնը աւելի պահանջկոտ կը դառնայ։ Գոհացում տալու համար այս արդար ծարաւին, կոչումի կողքին մասնագիտական կազմաւորումը եւ շարունակական ուսումը կենսական են։ Առաջնորդարանը կը խրախուսէ որ հովիւները աստուածաբանութեան, հովուական խորհրդատուութեան եւ յարակից նիւթերու մէջ  բարձրագոյն կրթութիւն ստանան, որպէսզի իրենք զիրենք հարստացնելով հարկ եղած հոգեւոր, մտաւոր եւ արհեստագիտական պաշարով, այսօրուան աշխարհին մէջ կարենան դառնալ հայր, եղբայր եւ խորհրդատու իրենց ծխականներուն։  Այս առթիւ, կ՛ուզեմ շնորհաւորել Արժպ․ Տէր Հրանդ Քհն․ Գէորգեանը, որ չորս օր առաջ մագիստրոսութեան տիտղոսը ստացաւ SS. Cyril and Methodius դպրեվանքէն։Հոգեւոր ծառայութեան թեկնածուներ ապահովելը կը մնայ խիստ կենսական մեր աշխատանքային ցանկին վրայ, որպէսզի զօրացնենք մեր Ապագայի Հիմքերը։ Այս ուղղութեամբ, երախտապարտ ենք Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, որ ընդառաջելով մեր խնդրանքին, առաքեց երկու երիտասարդ միաբաններ՝ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեանը եւ Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեանը, ծառայելու Թեմէս ներս։ Նաեւ Զարեհեան Դպրեվանքի զոյգ շրջանաւարտներ՝ Արժանապատիւ Տէր Դանիէլ Քհն․ Մանճիկեանը եւ Տէր Սամուէլ Քհն․ Աճէմեանը, որոնք հովանաւորուած էին Առաջնորդարանի կողմէ, խտացուցին մեր նուիրեալ հոգեւորականներու շարքերը։ Թող ներուի ինծի, եթէ աւելցնեմ, որ որքան ալ եկեղեցական ծառայութիւնը կոչում է, այնուամենայնիւ պէտք է աւելի եւս գրաւիչ դարձնենք մեր երիտասարդներուն արդի ընկերութեան մէջ, ուր բոլոր մարզերէն ներս նիւթական վարձատրութիւնը այդքան հրապուրիչ դարձած է։ Այս ուղղութեամբ, հարկ է որ համայնք եւ Առաջնորդարան բաժնենք մեր մտահոգութիւններն ու տեսլականը, որպէսզի այս խիստ կարեւոր հարցի արդար լուծում գտնենք համագործակցութեամբ։

 

  • Գ․ Երիտասարդութեան մասնակցութիւնը հոգեւոր կեանքին մէջ միշտ եղած է առջնահերթութիւն, այն օրէն որ ամերիկեան ցամաքամասի վրայ ժամանած եմ։ Լիբանանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) խորհրդատուի պաշտօնէս այնքան բան սորված էի, որ ցանկութիւնս եղած է համեստ ներդրումս բերել ի խնդիր երիտասարդաց եռեակ տարածքի (tri-dimensional) աճման։ Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, որ մեր երիտասարդներուն գաղափարաբանական եւ մարմնակրթական  զարգացումը տասնամեակներէ ի վեր մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգած է, սակայն հոգեւոր տարածքի թերաճ մնացած է անոնց մէջ։ Որքան երախտապարտ եմ որ նախկին Առաջնորդներ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Ս․ Արքեպիսկոպոս եւ Գերաշնորհ Օշական Արքեպիսկոպոս ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով հիմնեցին եւ խնամեցին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, ծանօթ՝ «Տաթեւ» երիտասարդական լսարանը, որ այս Յուլիսին պիտի բոլորէ իր 36ամեակը։ «Տաթեւ»ի կողքին «Աղ եւ Լոյս» առաքելութիւնը, որ ծնունդ առաւ Արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայի նախաձեռնութեամբ, եւ որ 2017ին որդեգրուեցաւ Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ, մեր գաղութներուն երիտասարդութեանց համար հոյակապ ձեռնարկ մըն է։ Սիրելի պատգամաւորներ, կը խնդրեմ բոլորէդ, որ ո՛չ թերագնահատէք եւ ո՛չ ալ սխալ մեկնաբանէք երիտասարդական այս զոյգ ծառայութիւնները որպէս մրցակից մեր միւս աւագ երիտասարդական միութեանց դէմ։ Ընդհակառակը՝ իրենց հոգեւոր նկարագրով, այս զոյգ առաքելութիւնները ամբողջացուցիչ տարրերն են մեր քաղաքական եւ մարմնակրթական մարմիններուն, որպէսզի դիմադրականութիւնը  առաւել եւս զօրացնեն մեր երիտասարդներուն, որոնք մեր ապագան են որպէս Հայ Քրիստոնեաներ։ Միասնաբար գործակցելով, սնուցանենք մեր երիտասարդները մարմնական, գաղափարաբանական եւ հոգեկան արժէքներով, որպէսզի անպարտելի դառնան ամէն տեսակ մարտահրաւէրներու եւ մանրէներու դէմ, որոնք կը թունաւորեն ընկերութիւնը, ուր աւա՜ղ հետզհետէ կը տժգունին արժէքները։ Երիտասարդոթիւնը միշտ եղած է ընկերութեան հիմքը, բայց մանաւանդ Հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ Քաջաց Տան՝ Ամերիկայի։ Թոյլ տուէք խոստովանիմ, եւ ըսեմ, թէ երբ գաղութներ այցելած եմ, մեծագոն ուրախութիւններէս մին եղած է տեսնել երիտասարդներ, որոնք  ծառայելէ ետք Սուրբ Խորանին վրայ կամ երգչախումբին մէջ, յաջորդ ժամուն ծառայած են եկեղեցւոյ տարեդարձի կամ այլ տօնախմբութեանց սեղաններուն վրայ, որպէս AYFականներ կամ ՀՄԸՄականներ։ Իսկ վերջերս, հրճուանքով ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս «Աղ եւ Լոյս»ի,  AYFի եւ ՀՄԸՄի անդամները միասնաբար համագումարներ կազմակերպած են։ Սիրելիներ, ասիկա գեղեցկագոյն նշանն է, որ Աստուծոյ Շնորհքը առատապէս կը տեղայ մեր վրայ որպէս Հայ Քրիստոնեաներ։

 

  • Դ․ Արդի գիտութեան բոլոր մարզերէն ներս յաջողութեան բանալիներէն մին եղած է մասնագիտութիւնը թարմացնելու ընթացքը։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ ANECի  եւ ARECի բաժանմունքներու վարիչ տնօրէնները գործակցաբար այլ մարմիններու, ամենայն նախանձախնդրութեամբ իրենց պատկան ուսուցչական կազմի գիտութեան պաշարը կ՛արդիականացնեն մանկավարժական արդի մեթոտաբանութեան դասընթացքներով։ Հաւատացած եմ, որ ուսումը հզօր եւ ազդու միջոց է ընկերութիւնը կազմաւորելու, ուստի լաւ մարզուած դաստիարակները անհրաժեշտ բաղկացուցիչ տարրը կը կազմեն  մեր փայլուն ապագան կերտելու համար։ Մեր անսակարկ զօրակցութիւնը Կիրակնօրեայ, միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններուն խիստ կենսական է։ Մեր վարժարաններուն եւ դաստիարակներուն համար կատարուած ներդրումը, Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի ուսումնական յաջողութեան երաշխիքը կը կազմէ։ Այս շրջագծէն ներս, Սարկաւագաց եւ Սուրբ Խորանի վրայ ծառայողներու, ինչպէս նաեւ չափահասներու համար վերջերս սկսած դասընթացքը, որ արժանի է ամէն գնահատանքի, առաւել պիտի զարգանայ, որպէսզի մասնակիցները հետազօտեն եւ վայելեն Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան եւ ծէսի խորքն ու գեղեցկութիւնը։

 

  • Ե․ Հաղորդակցութեան ճարտարարուեստը որեւէ ժամանակէ աւելի դարձած է տիրապետող՝ ընկերութեան համարեա բոլոր կալուածներէն ներս, շնորհիւ արհեստագիտութեան հսկայական յառաջխաղացքին։ Արհեստագիտութիւնը նաեւ մեր կեանքը ընդարձակեց, որով Առաջնորդարանը, իր առաքելութեան մէջ ընդգրկելով անոր բարիքները, գործնական բազմաթիւ յաջողութիւններ ունեցաւ։ Այսպէս, վերջին երկու տարիներուն մեր աշխատանքները լուսարձակի տակ առնելով պիտի տեսնենք, թէ շնորհիւ արհեստագիտութեան կարողացանք Սուրբ Պատարագի եւ յարակից արարողութեանց սփռումները ունենալ, շաբաթամիջի «Հաւատք եւ Ընտանիք», «Աղօթք Ժողովուրդին հետ», «Խորհրդածութիւններ», ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ, Սուրբ գրքի սերտողութիւններ, «Սիամանթօ» եւ «Տաթեւ» լսարաններ, ուսուցչաց վերաւորակաւորման եւ Սարկաւագաց զարգացման յայտագիրներ գործադրել։ Զարկ տալով Հաղորդակցութեան մեր բաժանմունքին եւ զայն արդիականացնելով, Առաջնորդարանը նորանոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ գոհացում պիտի տայ առհասարակ մեր հաւատացեալներու ծարաւին։ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքի հզօրացման գլխաւոր ազդակներէն մին եղած է Ոսկեդարու ոգին՝ դաստիարակութիւնը։ Արդի արհեստագիտութիւնը կը ցոլացնէ ձեռագիրներէն մինչեւ գրքի տպագրութիւն տեղի ունեցած յառաջդիմութիւնը, որ մեր օրերուն ոեւէ մէկուն ափին մէջ կ՛ամփոփուի։ Այսօր, բոլոր կառոյցները կ՛օգտուին արհեստագիտութեան ընձեռած դաստիարկչական մատչելիութենէն, եւ մեր հաւատացեալները առաւել եւս մասնակից են Առաջնորդարանի եւ եկեղեցիներու կեանքին՝ շնորհիւ այս նորարարութեանց։

 

  • Զ․ Աղօթքը «օդուժ»ը կը կազմէ անհատի մը կամ հաւաքականութեան մը կեանքին, զօրացնելով մեզ մեր ամէնօրեայ կեանքի պայքարին մէջ ամէն տեսակի՝ տեսանելի թէ անտեսանելի, ֆիզիքական, մտային, հոգեւոր, տնտեսական, ընկերային եւ այլ տագնապներու դէմ։ Մեր հաւատքի գերագոյն տիպարը՝ Յիսուս Քրիստոս, սորվեցուց մեզի Լերան քարոզով, ապա Գեթսեմանէի մէջ, եւ հուսկ ապա Խաչին վրայ, թէ Աղօթքը անուրանալի աղբիւր է, որ կ՛արտադրէ անսահման ներոյժ, երբ մշտական հաղորդակցութեան մէջ ըլլանք Արարիչին եւ Երկնաւոր Հօր հետ։ Առաջնորդարանի հոգեւոր հայրերը նոր ծրագիրներ պիտի մշակեն, որպէսզի Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի կողքին մեր ժողովուրդին հետ ըլլան աղօթքով շաբթուան տարբեր օրերուն։

 

Այս  ծրագիրները դիտելով Նորին Սրբութեան 2022 տարին Սփիւռքի Տարի հռչակագրին եւ Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեայ ծառայութեան պրիսմակէն, ինչպէս նաեւ Ամրացնել Առաջնորդարանի Ապագայի Հիմքը նշանաբանի ընդմէջէն, յուսով ենք որ առաջադրուած քննարկուելիք նիւթերը հետեւեալ յանձնախումբերու մէջ՝ ա) Մեր երիտասարդական հիմքերու տարածումը, բ) Մեր համայնքներու վերաշխուժացումը համավարակէն ետք, գ) Առաջնորդարանի աշխատանքներու ռազմավարական ծրագրումը, դ) Կանոնագրային փոփոխութիւններու առաջարկներ, ե) Տնտեսական ուժեղացում, պիտի ամրացնեն հիմքերը աւելի զօրաւոր եւ փայլուն Ազգային Առաջնորդարանիn։

Առանձնաշնորհեալ կը զգամ, որ վերջին 38 տարիներուն իմ հոգեւոր եղբայրներուս, պաշտօնակիցներուս եւ ծխականներուս հետ կը քալեմ կեանքէ Կեանք, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին մէջ։ Առաջնորդարանի ծառայութիւնը ուղղուած է մէկ նպատակակէտի՝ դէպի ժողովուրդը, եւ ժողովուրդի բոլոր սերունդներուն համար՝ տարբեր ենթահողերով։ Բոլոր այն հայերը, որոնք աւելի քան դար մը ապրած են Ամերիկայի մէջ, կը բաժնեն ծխական իրաւունքները նորահասներու հետ։ Անգլիախօս եւ հայախօս անդամներ մաս մը կազմեն միեւնոյն  գաղութին։ Խառն ամուսնութենէ յառաջացած ընտանիքներ նոյն եռանդով լծուած են համայնքի բարօրութեան։ Արդարեւ, Ազգային Առաջնորդարանը կը ծառայէ մեր ժողովուրդի բազմալեզուութեան տարբեր սերունդներու եւ մշակոյթներու ներդաշնակ գոյակցութեամբ ապրող ու գործող ծխականներու, միշտ քրիստոնէական սիրոյ եւ հոգածութեան ոգիով։

Հուսկ բանի, երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ամենակալ Աստուծոյ Իր Նախախնամութեան համար, որ անցնող վաթսուն եւ հինգ տարիներուն մեզ զօրացուց՝ միշտ նորոգելով մեր առաքելութեան մէջ, մանաւանդ համավարակի վերջին երկու տարիներուն։ Որդիական խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր խոհեմազարդ իմաստութեամբ կը ներշնչէ եւ կ՛առաջնորդէ մեզ մեր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ։ Իմ ջերմ գնահատանքը կը յայտնեմ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներուն, նաեւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, իրենց անգնահատելի գործակցութեան, Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան՝ իրենց նուիրուածութեան,  Հոգեւոր Հովիւներուն՝ իրենց անսակարկ ծառայութեան համար։ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի պատգամաւորներուն, Հոգաբարձութեանց եւ յարակից Մարմիններուն՝ որոնք ամենայն նախանձախնդրութեամբ  լծուած են համայնքներու բարօրութեան, Սարկաւագներուն, Սուրբ Խորանի ծառայողներուն եւ երգչախումբերուն՝ որոնք շէն կը պահեն Աստուծոյ Տունը, քոյր կազմակերպութեանց՝ իրենց զօրակցութեան համար, այլեւ Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր «Սիւներ»ուն (Pillars), ծխականներուն  եւ բարեկամներուն՝ իրենց նիւթաբարոյական մնայուն աջակցութեան համար։

Ամենաբարին Աստուած թող օրհնէ բոլորս, ամրացնէ եւ նորոգէ Հայ Եկեղեցւոյ հիմքը, զերծ պահէ երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն ժահրերէ, աղանդներէ, թշնամիներէ եւ չար ոյժերէ։ Պաշտպանէ Արցախը եւ Նոյեան Տապանի հիւրընկալ մեր Հայրենիքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանը՝ իր բոլոր համայնքներով եւ քոյր Կազմակերպութիւններով։ Թող փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մէջ պահէ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ այս հոյակերտ երկրագունդի բոլոր բնակիչները, որպէսզի մարդկութեան մեծ ընտանիքը զԱստուած ճանչնալով ու փառաւորելով, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, բարգաւաճութիւնն ու յառաջդիմութիւնը զիրար ողջունեն։