Մեր դպրոցներէն

«ՄՈՒՐԱՏ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 22 Մայիսին, Մուրատ ազգ. վարժարանի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ «Արամեան» սրահին մէջ, համավարակի պատճառով երկու տարուան ընդմիջումէ ետք։ Այս տարուան նիւթը «Սփիւռքի տարի»ն էր։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի բացման աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։

Խօսք առին խնամակալ մարմնի ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, եւ դպրոցի համատնօրէն՝ տիկ. Լալա Աթթարեան։ Պրն. Խաչատուրեան ընդգծեց Սփիւռքի կարեւորութիւնը հայոց ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան գործին մէջ եւ համահայկական կապերը ուժեղացնելու նշանակութիւնը։ Խօսելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ «Սփիւռքի տարի»ի հռչակման մասին, պրն. Խաչատուրեան շեշտեց, որ կարեւոր է եկեղեցին վերակառուցել՝ առաջնահերթութիւն տալով քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութիւններու, եւ «հայ դպրոցի առաքելութիւնը վերաշեշտել՝ հայ ազգի շէնքին մէջ»։

Տիկ. Աթթարեան իր պաշտօնակից՝ տիկ. Ճիւն Մանկասարեանի բարեմաղթանքները փոխանցեց, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն իրենց նուիրումին եւ աջակցութեան համար, եւ շնորհաւորեց աշակերտները իրենց յաջող ընթացքին համար, յատկապէս համավարակի դժուարին օրերուն։ Տիկ. Աթթարեան շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ մեր ինքնութեան պահպանումը ամէնօրեայ պայքար է Սփիւռքի մէջ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրին, ինչպէս եւ «Սիամանթօ» լսարանին, որուն կը հետեւին վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտները։

Յատուկ յիշատակութեան արժանացան Հայ Օգնութեան Միութեան «Արաքս» եւ «Անի» մասնաճիւղերը, «Արարատ» Ընկերակցութիւնը, տոքթ. Արա եւ տիկ. Պեթի Սատանեանց, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, «Մուրատ» վարժարանի ծնողա-ուսուցչական յանձնախումբը, ինչպէս եւ բոլոր կամաւորներն ու աջակիցները իրենց նիւթա-բարոյական զօրակցութեան համար։

Յանուն նախկին եւ ներկայ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ դպրոցի խնամակալ մարմնին, Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ պրն. Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեցին տիկ. Զուարթ Թահմազեանին՝ աւելի քան 30ամեայ իր ծառայութեան ու նուիրումին համար։ Յատուկ շնորհակալութեան եւ բարի մաղթանքներու արժանացաւ նաեւ տիկ. Անահիտ Տօնոյեան, որ յաջորդ տարի պիտի չվերադառնայ ուսուցչական կազմին։ Փակման խօսքը կատարեց Տ. Գաբրիէլ Քհն.։