Լուրեր

PBS ԿԸ ՍԿՍԻ ՀԵՌԱՍՓՌԵԼ ԱՆԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ «ԹԱՔՈՒՆ ՔԱՐՏԷՍԸ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՅՈՒՆԻՍ 5ԻՆ

Յունիս 5-13ին, PBS հեռատեսիլի հանրային կայանը Միացեալ Նահանգներու հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ պիտի հեռասփռէ Անի Յովհաննէսեանի «Թաքուն քարտէսը» (The Hidden Map) վաւերագրական ժապաւէնը, որ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ այսօր արգիլուած, խեղաթիւրուած կամ ծածկուած հայոց ներկայութեան։ Մանրամասնութիւններու համար, ստուգեցէք ձեր տեղական PBSի ցուցակները (www.pbs.org) կամ այցելեցէք thehiddenmap.com կայքէջը։

Ցեղասպանութեան վերապրողներու ամերիկահայ թոռնուհիի մը եւ սկովտիացի հետախուզողի մը պատահական հանդիպումը մեր պապենական հողերուն վրայ սկիզբ կու տայ համատեղ փնտռտուքի մը, որ երեւան կը հանէ թաղուած գաղտնիքներ, քաջարի դիմացկունութիւն եւ թաքնուած քարտէսը։ Ժապաւէնի ամփոփումը կարելի է դիտել այստեղ։

Անի Յովհաննէսեանը դուստրն է պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի եւ հանգուցեալ տոքթ. Վարդիթեր Կոճոլոզեան-Յովհաննէսեանի, որոնց նուիրուած է ժապաւէնը։

«Թաքուն քարտէսը» ժապաւէնը աւելի քան տասնեակ մը միջազգային մրցանակներու արժանացած է, իսկ 2021ին երեք «Էմմի» մրցանակներու թեկնածու եղած, որոնց շարքին՝ վաւերագրականի նկարահանման բացառիկ արժանիքի համար։ Ժապաւէնը յատուկ ցուցադրութիւն մը ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ։

Այս առիթով, PBS կայանին նուիրատուութիւն ընողները ո՛չ միայն պիտի ապահովեն յաւելեալ հեռասփռումը կայացումը Ամերիկայի տարածքին, այլ նաեւ պիտի ստանան յատուկ նուէրներ, որոնց շարքին Գորիսի կիներու կողմէ (ներառեալ՝ Արցախէն արտաքսուած քաղաքացիներ) պատրաստուած յատուկ ձեռագործ պուպրիկներ։