Լուրեր

ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻ ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

Գերաշնորհ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան,
Առաջնորդ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի,

Սրբազա՛ն Հայր,

Համարձակաձայն բարբառով կու գամ շնորհաւորել Ձեր աստուածահաճոյ ծառայութեան Յիսնամեակը։

Նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել որ Ձեր կոչումին բարձր գիտակցութեան շնորհիւ՝ տասնամեակները երբեք չաղարտեցին, չշեղեցին ձեր ընթացքը։ Ու միշտ վեհին, ազնիւին, Քրիստոնէութեան ամենախոր խորհուրդներուն խնկարկուն մնացիք։

Լուսապսակը որ Հայր Աստուած դրած է ձեր գխուն մեղմօրէն կը շողայ ո՛ւր ալ ներկայ գտնուիք։

Բոլորանուէր ու քաղցրաժպիտ, միմիայն որոշ խաւերու առաջնորդը չեղաք, այլ՝ համայն համայնքին, համահաւասար ուշադրութեամբ։  Իսկ աւանդաշունչ, կրօնական շեշտադրումի կողքին՝ հայեցի դաստիարակութւնն ու ծաղկող սերունդը դարձան Ձեր հովուական մտահոգութիւնը առաջին իսկ օրէն։

Ամենայն հեզութեամբ, գթասրտութեամբ, եւ իմաստութեամբ, եղաք հոգեկից ու քարոզիչ արեւելեան ափի այլեւայլ նահանգներու մէջ ծուարած հայ ժողովուրդին, որ այնքան կարիքը ունէր իսկական առաքեալի։

Արդէն Ձեր դոկտորական աւարտաճառը «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի», կը յայտնէ թէ դէպի ո՛ւր կ՚ընթանայ Ձեր նախասիրութիւնը։ Նկատառելի է թէ իբրեւ մտքի մարդ ՝ կը դիտէք հարց մը բոլոր կողմերէն։ Գիտէք սուզուիլ անբաղձալի երեւոյթներու խորը, եւ հեռու մնալ կոյր դատողութիւններէ։

Մեր յիսուն տարիներէ աւելի երկարող ծանօթութեան ընթացքին, միշտ մնացիք վեհոգի, անկեղծ ու խոնարհ, կարեկից, խորհրդատու, ճշմարիտ Հովիւ։ Ու հայոց խորանը, Խրիմեան Հայրիկի մը վայել խորանը, աւելի լուսաւորուեցաւ Ձեզմով։

Այս տարիներուն մանաւանդ՝ դիւրին չէ մեր ազգին վրայ ծաւալող հետզհետէ սաստկացող մտմտուքը։ Դաժան են պայմանները. Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք։ Օր նոր՝ հարցեր նոր կամ հին, որ կը յամենան։ Դիւրին չէ գրեթէ յիսուն տարիներու քաղաքացիական պատերազմի կամ օտարամուղ ծրագիրներու ծոցին մէջ տեսնել՝ Եղեռնը յաղթահարած գաղութներ, որոնք դարձեա՛լ կը խախտին, գաղթի լայն ու նեղ անորոշ ճանապարհներով։

Դուք լուսապսակը դէմքին քալեցիք ամենափշոտ արահետներէն։ Եւ թեպետ  փառքի ծիածաններ չհիւսուեցան ձեր լիաբուռ հոգեւոր բերքին շուրջ, բայց ահաւասիկ ա՛յս պահուս՝մեր ժողովուրդը  կու տայ Ձեզի իր երախտագիտութեան երփներա՜նգ ծիածանը, որ միայն անձրեւներէն ետք կը յայտնուի։

Թող գալիք տասնամեակներուն Ձեր վրայ միշտ բա՜ց մնայ այս երկնակամար ծիածանը՝ նուիրումի , հաւատքի, եւ հետեւաբար՝ յաւիտենական կեանքի։

Թող Բարին ու գոհունակութիւնը ապրին Ձեր հոգւոյն խորը։

Առողջութիւն եւ կորով։

Խորին Յարգանքով՝

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Յունիս 12, 2022
Նիւ Ճըրզի