Տօներ

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

Կիրակի, 11 Յունիսին, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնն է։ Ս. Էջմիածինը կառուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ վիրապէն ելլելէ ետք, այն վայրին վրայ, որ ոսկեայ մուրճով նշուած էր Տիրոջ կողմէ, ըստ տեսիլքի մը։ Եկեղեցւոյ շինութիւնը թագն ու պսակը կը կազմէ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման Հայաստանի մէջ։ Աւելի քան 1700ամեայ Էջմիածինը ցարդ իր գոյութիւնը պահած հայ քրիստոնէական ամենահին վայրն է եւ չորս խորաններով, չորս սիւներով, գմբէթաւոր ու խաչաձեւ եկեղեցւոյ հնագոյն օրինակը՝ քրիստոնէական ճարտարապետութեան մէջ։ Արտաքին պատերու քանդակները հայ քրիստոնէական քանդակագործութեան ամենահին օրինակներէն են։