Առաջնորդարանէն

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ ՄԻՆՉԵՒ 29 ՅՈՒԼԻՍ

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը, ինչպէս յայտնած էինք, հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան ծրագիր մըն է, որուն ամերիկեան ու գանատական փուլը սկսած էր անցեալ Մայիսին եւ պիտի շարունակուի առցանց մինչեւ յառաջիկայ Յուլիս 29։ Կը հրաւիրենք մեր ընթերցողները, որ իրենց մտածումներն ու տեսակէտները բաժնեն ինքնութեան, մշակոյթի ու համայնքի մասին, ինչպէս որ պիտի օգնէ աւելի լաւ հասկնալու Սփիւռքի բարդ երեւոյթը։

Առցանց հարցարանը տրամադրելի է այցելելով www.armeniandiaspora.com կայքէջը։ Ուսումնասիրութեան նիւթական հովանաւորութիւնը կը կատարէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, իսկ ծրագիրը կը վարէ Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկը։