Առաջնորդարանէն

«ՏԱԹԵՒ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 26 Յունիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» («Տաթեւ») ամառնային լսարանը պիտի սկսի Էլվերսընի (Փէնսիլվէնիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ, 37 աշակերտներու եւ 14 կրօնական եւ աշխարհական ուսուցիչներու  մասնակցութեամբ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ։ Լսարանը այս տարի պիտի վարէ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ։

Դասերը տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ընթացքին՝ երեք ժամ։ Յետմիջօրէն, աշակերտները զբօսանքի պահեր պիտի ունենան (վոլէյպոլ, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, եւ այլն)։ Երեկոներուն, տեղի պիտի ունենան քննարկումներ եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւններ տարիքային տարբեր խումբերու համար։ Օրուան վերջաւորութեան, տեղի կ՚ունենայ հսկում։