Սուրբեր

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉԻ ՆՇԽԱՐՆԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ

Այս Շաբաթ, 24 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտը։ Սուրբ Լուսաւորիչը՝ մեր եկեղեցւոյ հովանաւորը, քրիստոնէութեան լոյսը սփռած է ամբողջ Հայաստանի մէջ, շինելով եկեղեցիներ, որոնց շարքին՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը, եւ հաստատելով առաջին կանոնագիրքը։ Ան գրած է բազմաթիւ աղօթքներ եւ կազմակերպած՝ եկեղեցական արարողութիւններ։

Տարիներու տքնաջան աւետարանչական գործէ ետք, Ս. Գրիգոր ընտրած է առանձնութիւնն ու ճգնաւորական կեանքը, հաստատուելով Սեպուհ լերան Մանեայ քարայրին մէջ, ուր եւ վախճանած է։ Անոր մարմինը գտնուած է հովիւներու կողմէ, որոնք զինք թաղած են քարակոյտի մը տակ՝ առանց գիտակցելու անոր ինքնութիւնը։ Աւելի ուշ, Գառնիկ Բասենցի անունով ճգնաւոր մը, որ Գրիգորի աշակերտը եղած էր, տեսիլքի մը հետեւելով՝ Սեպուհ լեռ գացած ու անոր աճիւնները գտած է, զանոնք Թորդան աւանին մէջ թաղելով։

Ս. Գրիգորի աջէն նշխարներ՝ ոսկեայ բազուկի մէջ զետեղուած, կը գտնուին Ս. Էջմիածին եւ Կիլիկիոյ Աթոռ Անթիլիասի մէջ։ Հինաւուրց աւանդութեան հետեւելով, կաթողիկոսները Ս. Գրիգորի աջով իրարու կը խառնեն նոր ու հին միւռոնները։