Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՄ ԵՒ Ո՛Չ ԶՈՀ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 26 Յունիս, 2022)

Այսօր՝ Հոգեգալուստի տօնի չորրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մատթէոս 12.1-8։ Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Շաբաթ օր մը Յիսուս Իր աշակերտներով ցորենի արտերու մէջէն կ՛անցնէր։ Անոնք անօթենալով, հասկեր կը քաղեն եւ կ՛ուտեն։ Փարիսեցիք շուտով կը քննադատեն օրինազանցումը։ Յիսուս իրենց կը յիշեցնէ Հին Կտակարանին մէջ արձանագրուած նմանօրինակ պարագաներ, որոնք նաեւ Տաճարի մէջ բնակող քահանաները կը կատարէին։ Ապա իր նկատողութիւնը կ՛եզրափակէ Ովսէա մարգարէի խօսքով՝ «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհ» (Ովս 6.6), եւ կ՛աւելցնէ «Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին»։

Այս հատուածէն կ՛ուզեմ քաղել քանի մը հասկեր, յագեցնելու համար խոնարհութեան եւ արդարութեան մեր անօթութիւնը։

ա. Այս հատուածին մէջ Առաքեալը վառ կերպով կը նկարագրէ զիրար հակասող զոյգ պատկերներ։ Առաջին՝ բնութեան պարզ ու խաղաղ գեղեցկութիւնը հունձքով լի արտին, ուր մեղմիկ զեփիւռը կը գգուէ ցորենի հասկերը, որոնք պատրաստ են Նախախնամութեան բարիքները հրամցնելու արարածներու պէտքերուն գոհացում տալու համար։ Միւս կողմէ, կը տեսնենք մարդկային նենգամիտ վերաբերում մը՝ լի օրինապահութեամբ ու քննադատական ոգիով։

բ. Պատմութիւնը ցոյց կուտայ, թէ Փարիսեցիք միշտ հետեւող էին Քրիստոսի, բայց ո՛չ սորվելու Անկէ, այլ քննադատելու, թակարդելու եւ ամբաստանելու Զինք սխալ ուսուցումներու եւ օրինազանցութեանց համար։ Յստակ է, թէ անոնք ամէն գնով կ՛ուզէին վարկաբեկել Զինք որպէս ուղղափառ ուսուցիչ, ի վերջոյ մահուան դատապարտելու համար։ Այս տողերէն մեծագոյն պատգամը կը սորվինք, այն՝ թէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ կրնանք շրջապատուած ըլլալ մարդոցմով, որոնք ո՛չ թէ մեր ընկերակցութիւնը կը սիրեն, այլ թաքուն՝ մեր անկումը կը ծրագրեն եւ մեր անհետացումը կը տենչան։

գ. Ամենագէտ Ռաբբին՝ Յիսուսը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս չի գործածեր ինքնապաշտպանութեան միջոցը, այլ ամենայն խաղաղութեամբ կը հրաւիրէ հակառակորդները ինքնաքննութեան եւ հրաժարելու ինքնարդարացումէ։ Հայկական առած մը կ՛ըսէ. «Երբ տունդ ապակեայ է, դրացիիդ տանիքը մի՛քարկոծեր»։ Փարիսեցիները շատ լաւ գիտէին, թէ Յիսուս ինչ կը վերյիշեցնէր իրենց, բայց որովհետեւ կրկնակի չափանիշ կը գործածէին, իրենց կեղծաւորութիւնը կը գերազանցէր ամէն դատաստան։

դ. Մատթէոս Աւետարանիչը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս նոր իմն Մովսէս մարգարէ, որ Աստուծոյ Օրէնքը փոխանցած էր ժողովուրդին, իսկ Յիսուսը՝ ե՛ւ Օրէնքը տուող, ե՛ւ զայն ամբողջացնող։ Քրիստոս երբե՛ք Օրէնքի արժէքը կամ կարեւորութիւնը չխափանեց։ Ան միշտ սորվեցուց, թէ Օրէնքը Աստուծոյ կողմէ տրուած էր ո՛չ որպէսզի ծանր լուծ դառնայ, այլ որպէսզի մարդկային տկարութեան հետեւանքով զանցումները խնայուին եւ մարդ արարածը տիեզերական ներդաշնակութեան մաս կազմէ։ Որպէս այդպիսին, Օրէնքը շեղած էր իր նպատակէն, եւ փոխանակ դիւրացնելու Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը, դարձած էր անողոք գործիք մը, զուրկ մարդկային պարագաներ եւ մարդկային պէտքեր, վիճակներ ըմբռնելէ։ Հետեւաբար, փոխանակ հարթելու ճամբան, որպէսզի հաւատացեալներ մօտենան Աստուծոյ եւ ցնծութեամբ պաշտեն Զինք, դարձած էր ստրկութեան լուծին համազօր կենցաղակերպ մը։

ե. Քրիստոս, շրջանցելով Օրէնքի գործածութեան քարացած այս ըմբռնումը, կու գայ թարմացնելու Աստուծոյ պատուիրանին կորիզը, որ յայտնուած էր Ովսեայ մարգարէին միջոցաւ, թէ «ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհ» (Ովսէ  6.6). Արդարեւ, այս պատուիրանը սիրտը, հիմքը կը կազմէ բոլոր օրէնքներուն։ Աստուած ինչ որ կ՛ակնկալէ մեզմէ փառատրութիւն չէ, այլ մեր նմաններուն հետ հորիզոնական մեր յարաբերութիւնը ուղղել մե՛ր իսկ բարիքին համար։ Ահա ասիկա կը դառնայ իրա՛ւ զոհ ընծայուած Աստուծոյ, որով կը փառաւորուի իր Նախախնամական հոգատարութիւնը։ Աստուծոյ զոհ մատուցանելով այն ինչ որ Իրեն կը պատկանի, կը դադրի զոհ ըլլալէ, բայց երբ մեր ազտտ կամքով գործենք այն ինչ որ հաճելի է Իր կամքին եւ ինչ որ ստեղծագործութիւնը կը շքեղազարդէ, ատիկա կը դառնայ իսկական զոհը։

զ. Քրիստոսի եզրափակիչ խօսքը, թէ «Որդի Մարդոյն տէր է Շաբաթին» կը կրէ արքայական փառաւոր կնիքը այն ճշմարտութեան, որ «Յիսուս Քրիստոսն է միակ Սուրբը եւ միակ Տէրը Աստուծոյ փառքին համար», ինչպէս Սուրբ Պատարագի երգը կը յիշեցնէ մեզի Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ առաջ։  Մարդկային մեր ամբողջ ուսումով, փորձառութեամբ եւ արժանիքներով երբ երկիւղածութեամբ Իր ներկայութեան գտնուինք, «պարտինք մենք մեզ դատարկել» (հմմտ. Փիլպ. 2.7) ամէն տեսակի մարդկային ունայնութիւններէ եւ պարծանքներէ եւ մանաւանդ տիեզերքի Ամենակալ Տիրոջ մարտահրաւէր կարդալէ։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մեզի հրամցուցած հոգեշահ այս հոյակապ հասկաքաղով սնանինք, որովհետեւ Ի՛նք է, որ մեր բոլոր դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները իր վրայ առնելով,  զանոնք մեզմէ կը վանէ։ Կեանքէ Կեանք մեր ճամբորդութեան բոլոր պարագաներուն ընդունինք Զինք որպէս մեր ուղեկիցը, եւ մեր բոլոր ձախողութեանց եւ յաջողութեանց պարագաներուն հայցենք Իր առաջնորդութիւնը, եւ երախտագիտութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։