Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. Տ. ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Թեմիս  բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի անունով, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ, մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Նիկողայոս Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ  օծման նախորդող երեկոյեան ժամերգութեան, որուն կը նախագահէր Էմմանուէլ Արքեպիսկոպոս՝ Բարթուղիմէոս  Ա. Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչը։ Ներկայ էին  նաեւ տարբեր յարանուանութեանց ներկայացուցիչ եկեղեցականներ։

Սոյն եկեղեցին Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական յարձակումին ենթարկուած՝ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակներու փլուզումին պատճառով մեծապէս վնասուած էր։ Ծրագրուած էր նորակառոյց եկեղեցին օծել այդ տխուր օրուան քսանամեակին առթիւ, բայց կարելի չէր եղած։ Նոյեմբեր 2, 2021ին, Տիեզերական Պատրիարքը եկած եւ կատարած էր միայն դռնբացէքի արարողութիւնը եւ գմբէթի վրայ զետեղուելիք խաչին օծումը։

Երկուշաբթի, 4 Յուլիսին, Ամերիկայի անկախութեան օրուան առթիւ, Էմմանուէլ Արքեպիսկոպոս կատարեց օծումը սոյն եկեղեցւոյ, որ Նիւ Եորք նահանգին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է նաեւ որպէս ամերիկեան ազգային սրբավայր՝ ի յիշատակ զոյգ աշտարակներու երեք հազար անմեղ զոհերուն։