Սուրբեր

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԸ

Աստուածամօր տուփի գիւտին առթած ուրախութիւնը երեւակայել կարելի է միայն։ Այս Կիրակի, 2 Յուլիսին, տօնն է Աստուածամօր տուփի յայտնաբերման։ Անոր անձնական ունեցուածքը կը նկատուի յարգանքի առարկայ։ Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Աստուածամօր մասունքները կը պահուէին սրբօրէն ու գաղտնի։