Սուրբեր

ԵՂԻՍԷ ՄԱՐԳԱՐԷ

Այսօր, 6 Յուլիսռ, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եղիսէ մարգարէի տօնը։ Անոր կեանքն ու գործը արձանագրուած են Թագաւորներու Գ. եւ Դ. գիրքերուն մէջ։

Եղիսէ (եբր. «Աստուած փրկութիւն է») աշակերտ էր Եղիա մարգարէին, որ Աստուծոյ հրամանով պարզ գիւղացի մը՝ Եղիսէն, իր յաջորդը նշանակեց, այն ձեւով, ինչպէս Յիսուս շատ աւելի ուշ պիտի ընէր իր աշակերտներուն պարագային՝ Գալիլիոյ մէջ։ Եղիսէ հրաշքներ գործեց հիւանդներ առողջացնելով եւ մեռելներ կենդանացնելով, տեսակ մը կանխագուշակում՝ Աւետարանի հրաշքներուն։