Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ երեք կուսակրօն քահանաներ։
Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի 91րդ հունձքին աւարտական հանդէսը, որուն ներկայ էին Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրեր, ուսուցիչներ, Միւռոնի օրհնութեան առիթով ժամանած ուխտաւորներ եւ Դպրեվանքի բարերարներ ու բարեկամներ։
Հանդէսը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դպրեվանեցիներուն կողմէ վայելեցին «Կտոր մը երկինք» եւ «Երկինքն ամպել է» երաժշտական կտորները։ Յաջորդաբար, նորաօծ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան կարդաց ընթերցեց աւարտական դասարանին ուղերձը, ուր երախտագիտութեամբ յետադարձ հայեացք մը նետեց Դպրեվանքին մէջ իրենց անցուցած տարիներուն, որուն ընթացքին լծուած էին Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան պատրաստութեան աշխատանքին։ Ան իր խօսքը շարունակեց, նշելով, որ սոյն վկայականով ո՛չ թէ վերջ կը դնեն ճանապարհորդութեան մը, այլ սկիզբ՝ ծառայութեան կատարելագործման նոր հանգրուանի մը։ Իր խօսքի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի նախկին եւ ներկայ տեսչութեանց անդամներուն, ուսուցիչներուն, դպրեվանեցի եղբայրներուն, ծնողներուն, ինչպէս նաեւ Վեհափառն Հայրապետին։
Գեղարուեստական յայտագիրը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմենճեանին, կը կրէր «Հաւատք եւ հող» խորագիրը եւ սաները ասմունքներով ու երգերով հանդէս եկան՝ ներկայացնելով հայկական մշակութային պատառիկներ։
Գեղարուեստական յայտագիրէն անմիջապէս ետք, խօսք առաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ անդրադառնալով Սիսի պարպումին եւ յետագային՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի աճման՝ ընդգծեց.
«Ահա Դպրեվանքի երիտասարդ սերունդները եւ հոնկէ խտացող Կիլիկեան Միաբանութեան շարքերու նոր ուժերը ցոյց կու տան, թէ Սրբալոյս Միւռոնը պարզապէս օրհնուած իւղ մը չէ, այլ՝ անիկա այն աստուածային շնորհքն է, որ կը մարմնաւորուի մարդուն մէջ, որպէսզի նոր աւիւն եւ սերմեր ցանէ մեր ազգին ու եկեղեցիին անդաստանին մէջ»։
Իր խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ, հակառակ իր ծանր պարտականութիւններուն ու մտահոգութիւններուն, ոչ մէկ ճիգ խնայեց Դպրեվանքը պահելու իր լաւագոյն կարգավիճակին մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց տեսչական անդամներուն, Ս. Աստուածածին Վանքի վանահօր՝ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանին, եւ ուսուցչական կազմին, որոնք իրենց բաժինը բերին, հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն, Դպրեվանքի կրթական աշխատանքը բարձր պահելու նպատակին։
Հուսկ, Հ. Պարոյր բեմր հրաւիրեց Դպրեվանքի ուսուցչապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ իր պատգամը տայ։ Վեհափառ Հայրապետը, իր գոհունակութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնելով, շեշտեց Դպրեվանքի սոսկ կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէն անդին մարդակերտ հնոց ըլլալը, ուր մենք կը բացուինք ներկայ ժամանակներու գիտութեան, ինչպէս նաեւ մեր ազգի դարաւոր պատմութեան։ Իր խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն, Վեհափառը յորդորեց. «Դուք պիտի երթաք մեր ժողովուրդին, ձեր փառքը, ձեր պատիւը, ձեր պարտքը պիտի ըլլայ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին ծառայել։ Ուր որ կարիք կայ, պահանջք կայ, հոն պիտի երթաք։ Աղքատին, հիւանդին, զրկեալին մօտ պիտի երթաք եւ պիտի տաք ինչ որ կարելի է տալ անոնց։ Դուք մեր ժողովուրդէն եկաք եւ Դպրեվանքին մէջ վերամարդացած ժողովուրդին կ՚երթաք»։
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։