Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը տեղի ունեցաւ 26 Յունիսէն մինչեւ 3 Յուլիս, 35 հոգիի մասնակցութեամբ, որոնցմէ 18ը առաջին անգամ կու գային։ Լսարանը իր հարուստ ուսումնական ծրագրին կը միացնէ զուարճալիքի ու ընկերային կեանքի պահեր։
Աշակերտներէն ոմանք իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած են ստորեւ։
«Համավարակէն ետք, Տաթեւ վերադառնալը ջերմ ու հրաշալի զգացում մըն էր։ Կարողացայ ժամանակ անցընել անձերու հետ, զորս ընտանիք կը նկատեմ, եւ գեղեցիկ յիշատակներ ստեղծել։ Անհամբեր եմ վերադառնալու ապագային եւ շարունակել սորվիլ ու զարգացնել քրիստոնէական հաւատքս» (Քէթրինա Արուեստեան)
«Տաթեւը հաճելի փորձառութիւն մըն էր, իսկ դասերը Հայ Եկեղեցւոյ մասին բազմաթիւ հարցումներու պատասխանեցին։ Անպայման պիտի վերադառնամ յաջորդ տարի։ Բոլորս ալ ընտանիք մըն ենք եւ ամէն մարդ այդպէս զգացնել կու տայ» (Դանիէլ Առաքելեան)։
«Տաթեւը շատ հաճելի փորձառութիւն մըն էր։ Առիթ ունեցայ շփում հաստատելու այլ տեղերէ հայերու հետ եւ ընտանիքի պէս ըլլալ, մինչ կը սորվէի Աստուծոյ եւ իմ եկեղեցւոյ մասին։ Ասիկա իսկապէս անմոռանալի էր եւ անհամբեր եմ յաջորդ տարի վերադառնալու» (Նորա Յովհաննէսեան)։
«Այս տարի, Տաթեւը շատ հաճելի էր… Դասերը ինծի շատ բան սորվեցուցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ կրօնքի մասին։ Անձամբ ըլլալը նաեւ նոր ընկերութիւններ ստեղծեց եւ ամբողջական փորձառութեան առիթը տուաւ։ Տաթեւը այնքան հաճելի էր, որ կը յուսամ վերադառնալ շատ տարիներ» (Անի Պոման)։
«Տաթեւը անմոռանալի փորձառութիւն մըն էր ինծի համար։ Նոր ընկերներ ունեցայ եւ իմ սովորական կեանքէս դուրս ելայ։ Նաեւ աւելի կապ հաստատեցի հայ մշակոյթի հետ՝ երգի, պարի, ընկերներու եւ կրօնքի միջոցով» (Կրէկ Վարժապետեան)։
«Տաթեւ վերադարձը հոյակապ էր։ Երկու տարուան առցանց Տաթեւէ ետք, շատ վերանորոգիչ էր բոլորը տեսնել եւ նոր անձերու ծանօթանալ, բայց ամենէն կարեւորը՝ Աստուծոյ եւ մշակոյթիս մասին ա՛լ աւելի սորվիլ։ Շատ կը սիրեմ, թէ ինչպէ՛ս Տաթեւը կը հաւասարակշռէ հաւատքը, մշակոյթը եւ հաճոյքը։ Եթէ Տաթեւին նիշ դնէի, 10000/10 պիտի ըլլար» (Սարինէ Քըննիկհէմ)։
«Այս տարի, շատ հաճոյք ստացայ Տաթեւէն… Բազմաթիւ նոր ընկերներ ունեցայ եւ հայկական պարս բարելաւեցի։ Մայրապետներն ալ շատ ազնիւ էին։ Խորհրդատուները օգտակար ու սիրալիր էին։ Դասերը շատ դաստիարակիչ եւ գրաւիչ էին։ Շնորհակալ եմ բոլորին, որ Տաթեւի առաջին փորձառութիւնս յիշատակելի դարձուցին» (Ալեքս ՄաքՀիւկ)։
«Ուսումնական ծրագիրը այլազան նիւթեր կ՚ընդգրկէր՝ մեր գիտելիքները ընդլայնելու նպատակով։ Բոլորս ալ ընտանիքի պէս մեծցանք քրիստոնէական կեանքի մէջ» (Տանիէլ Գարամանուկեան)։
Անգլերէնով յաւելեալ տպաւորութիւններ կարդալու համար, սեղմեցէք այստեղ