Սուրբեր

Ս. ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷ

Այսօր, Հինգշաբթի, 20 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եսայի մարգարէի տօնը։ Այս մարգարէն յայտնի է Հին Կտակարանին մէջ իր անունը կրող գիրքով, որ կը բաղկանայ 66 գլուխներէ։ Եսայի կը կանխատեսէ Մեսիայի ծնունդը կոյսի մը կողմէ եւ կը նկարագրէ Մեսիայի եկեղեցւոյ տառապանքը։ Յիսուսի բազմաթիւ խօսքերը կ՚անդրադառնան այս մարգարէի գիրքին, որ ճանչցուած է իբրեւ Հին Կտակարանի աւետարանիչ, հաշուի առնելով անոր մարգարէութիւնը Քրիստոս Փրկիչի մասին։ Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած չէ, կը կարծուի, որ Եսայի մարգարէ նահատակուած է հրեայ թագաւոր Մանասէի հրահանգով։ Մարգարէի նշխարները կը պահպանուին Յունաստանի Աթոս լերան յոյն ուղղափառ Խիլենտարիա վանքին մէջ։