Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ՍՐԲՈՒՀԻ ՍԱՆԴՈՒԽՏ

Շաբաթ, 22 Յուլիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Հայաստանի մէջ քարոզած առաջին առաքեալին՝ Ս. Թադէոսի, եւ Հայ Եկեղեցւոյ անդրանիկ նահատակ սուրբին՝ Սրբուհի Սանդուխտի տօնը։

Սանդուխտ իշխանուհին քրիստոնէութեան լոյսին հասաւ Թադէոս առաքեալի շնորհիւ, եւ իր կարգին, շատ ուրիշներ դարձի բերաւ։ Անոր հայրը՝ Սանատրուկ թագաւորը, նախ փորձեց զինք հրաժարեցնել նոր դաւանանքէն եւ, ի վերջոյ, թագի եւ սուրի ընտրանքին առջեւ դրաւ իր միամօր դուստրը։ Սանդուխտ ընտրեց սուրը եւ դարձաւ քրիստոնէութեան առաջին վկան Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին սուրբը։ Անոր նահատակութենէն ետք, Թադէոս առաքեալ եւս նահատակուեցաւ Արտազի մէջ (այսօր՝ հիւսիսային Իրան)։

Ս. Թադէի վանքը շինուած է սուրբի գերեզմանին վրայ։ Անցեալ դարու սկիզբին, վանքը ճամբորդներու եւ ուխտագնացներու կարեւոր հանդիպման վայր մըն էր։ Այս տօնին առիթով, աշխարհի հայերու տարեկան ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս ամսուն, երբ հազարաւոր մարդիկ կը մնան վանքի տարածքին զետեղուած վրաններու մէջ։