Featured, Առաջնորդարանէն

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

Վերջին երկու Կիրակիներուն, Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եւ Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցիները ստացան Սրբալոյս Միւռոնը։  Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ջրօրհնէքի արարողութեան երկու եկեղեցիներուն մէջ։ Յառաջիկայ շաբաթներուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի շարունակէ բաշխել նորաօծ Միւռոնը մեր եկեղեցիներուն։