Տօներ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՇՈՂԱԿԱԹԻ ՏՕՆ

Շաբաթ, 12 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի Շողակաթի տօնն է, որ միշտ տեղի կ՚ունենայ Վերափոխման տօնի նախորդ Շաբաթ օրը։ Շողակաթը կ՚ակնարկէ լոյսի ճառագայթներու տեսիլքին, որուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ականատես եղաւ, երբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի տեղը ընտրեց։ Տօնը Վերափոխման ժամանակ կը նշուի, որովհետեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը անուանուած է Ս. Աստուածածնի անունով, թէեւ տարիներու ընթացքին ծանօթ դարձած է Էջմիածին անունով, իսկ Շողակաթ անունը կիրարկուած է մօտակայ Ս. Շողակաթ եկեղեցւոյ համար, որ կառուցուած է, ըստ աւանդութեան, հոն՝ ուր Հռիփսիմեանց նահատակներուն վրայ «շող կաթած է»։