Տօներ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ

Օրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ բարձր տեղ կը գրաւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ՝ Քրիստոսի կողքին։ Ս. Պատարագը կը սկսինք դիմելով Տիրոջ՝ Աստուածամօր միջնորդութեամբ։ Առաքելական եկեղեցիները մայր խորանին վրայ կը ներկայացնեն Աստուածածնի նկարը՝ Յիսուս մանուկը գրկած։ Աւետարանները կը սորվեցնեն մեզի, որ Մարիամ օրհնուեցաւ՝ Աստուծոյ կողմէ կանչուելով Անոր աստուածային փրկութեան ծրագիրը կատարելու։ Մարիամը քրիստոնէութեան մէջ առաջնահերթ տեղ մը կը գրաւէ, որովհետեւ անոր միջոցով եւ Սուրբ Հոգիի մասնակցութեամբ՝ Աստուած մարմին առաւ ու մարդացաւ։

Կիրակի, 13 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը, որ մեր կրօնական տօնացոյցի հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է, եւ Խաղողօրհնէքը։ «Վերափոխում» բառը «վեր փոխադրել» կը նշանակէ գրաբարի մէջ։ Ըստ աւանդութեան, Աստուածածնի մահէն ետք, առաքեալները զայն թաղեցին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ։ Բարթուղիմէոս, որ ներկայ չէր յուղարկաւորութեան, փափաքեցաւ գերեզմանը այցելել։ Երբ աշակերտները գերեզմանաքարը բարձրացուցին, զարմանքով տեսան, որ մարմինը այդտեղ չէր։ Անոնք եզրակացուցին, որ Քրիստոս իր մայրը փոխադրած էր Երկնային Արքայութիւն։ Այս իրադարձութեան վրայ հիմնուելով, Եկեղեցւոյ Հայրերը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հաստատեցին։ Տօնին կը նախորդէ հինգօրեայ պահք եւ կը յաջորդէ՝ մեռելոցի օր։

Բարթուղիմէոսը շատ կը սիրէր Աստուածամայրը, որ իր պատկերը տուած էր Յովհաննէս առաքեալին, որ զայն յանձնած է Բարթուղիմէոսին։ Առաքեալը պատկերը բերած է Հայաստան՝ Անձեւացեաց գաւառի (Վասպուրական) Դարբնոց Քար վայրը, ուր Հոգեաց վանքը շինուած է՝ յարակից կուսանոցով, ու այդ սրբապատկերը պահպանուած էր հոն։ Բարթուղիմէոսի առաքեալի սրբանկարը կը ներկայացուի միշտ Աստուածամօր նկարը իր ձեռքին բռնած։

Աստուածածնի Վերափոխման գաղափարը հին է, ինչպէս ցոյց կու տայ Աստուածամօր նուիրուած արձակն ու բանաստեղծութիւնը։ Սակայն, ան եկեղեցական հիմնական վարդապետութիւն չէ դարձած մինչեւ 9րդ դար, իսկ միայն 12րդ դարուն է, որ տօնը «Վերափոխում» անունը ստացած է։

Կիրակի օր անուանակոչման տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կը կոչուին Մարիամ, Մարի, Մարօ, Մայրենի, Մաքրուհի, Մարուշ, Թագուհի, Իսկուհի, Սրբուհի, Տիրուհի, Արուսեակ, Արփի, Արփինէ, Արշալոյս, Մարգարիտ, Սեդա, Անթառամ, Ծաղիկ, Վերժին։

Այսօր ժողովեալ սրբոցն ի միասին երանելի առաքեալքն եւ սուրբ կուսանքն ջահազգեստուք պայծառացեալք լուցանէին զլապտերս իւրեանց. եւ միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր դնելով զսուրբ կոյսն առ դրանն գերեզմանին, սպասէին եւ ակն ունէին տեառն իսկ ինքնին գոլով, գեր ի վերոյ տեսեալ զարարիչն եկեալ բազում հրեշտակօք. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր տեսեալ զսուրբ կոյսն թռուցեալ յօդս, եւ ամպեղէն կառօքն ի վեր համբարձեալ յերկինս. մտանելով յերկնային խորանսն ընդ իմաստուն կուսանսն. եւ նոցա միաձայնեալ ասէին, օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

Այսօր ընդ բազմաչեայ քրովբէսն եւ ընդ վեցթեւեան սրովբէսն մտանելով եօթնաստեղեան խորանսն. տեսանելով զանազան աթոռսն զոր պատրաստեալ է քեզ տէրունւոյդ. երգեմք եւ մեք ասելով. օրհնեալ ես ամէնօրհնեալդ ի կանայս։

(Այսօր սուրբերը՝ երանելի առաքեալներն ու սուրբ կոյսերը՝ միասին հաւաքուած՝ լուսաւոր զգեստներով պայծառացած՝ իրենց լապտերները կը վառէին եւ միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր սուրբ կոյսը գերեզմանին առջեւ դնելով կը սպասէին եւ կ՚ակնկալէին Տիրոջ անձամբ հոն ըլլալը, բայց տեսան որ Արարիչը վերէն բազում հրեշտակներով կու գար. եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր տեսան սուրբ կոյսին օդին մէջ թռչիլն ու ամպեղէն կառքով երկինք համբառնալը եւ երկնային խորաններու մէջ մտնելը իմաստուն կոյսերու հետ եւ անոնք միաձայն կ՚ըսէին՝ օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ։

Այսօր բազմաչեայ քերովբէներուն եւ վեցթեւեան սերովբէներուն հետ եօթնաստեղեան խորանները մտնելով տեսար զանազան աթոռներ, զոր Տէրը քեզի համար պատրաստած է. մենք ալ կ՚երգենք ըսելով՝ օրհնեալ ես դուն կիներու մէջ ամէնօրհնեալ)։