Սուրբեր

Ս. ՅՈՎԱԿԻՄ ԵՒ ԱՆՆԱ ԵՒ ԻՒՂԱԲԵՐ ԿԱՆԱՅՔ

Երեքշաբթի, 22 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Աստուածամօր Մարիամի ծնողները՝ Յովակիմ եւ Աննա սուրբերը։ Բարպաթիրի որդի Յովակիմ՝ Դաւիթ թագաւորի ցեղէն էր, որուն Աստուած յայտնած էր, թէ աշխարհի Փրկիչը իր շառաւիղէն պիտի ծնէր։ Աննա Լեւիի ցեղի յետնորդ էր՝ հօր կողմէ, եւ Յուդայի ցեղի՝ մօր կողմէ։ Տարիներու ամուսնութենէ ետք, Յովակիմ եւ Աննա անզաւակ մնացած էին։ Ի վերջոյ, ապաւինելով Աստուծոյ կամքին՝ Յովակիմ ծոմ պահեց քառասուն օր անապատին մէջ եւ երկուքն ալ աղօթեցին զաւակի մը համար։ Հրեշտակ մը յայտնուեցաւ իւրաքանչիւրին յայտնելով, թէ հակառակ անոնց յառաջացած տարիքին՝ աղջկան մը ծնողքը պիտի ըլլային։

Միեւնոյն օրը, Եկեղեցին կը յիշէ իւղաբեր կիները։ Այս ութը կիները չորս Աւետարաններուն մէջ յիշուած են որպէս իւղ եւ զմուռս բերողները, որոնք տարբեր դերեր ունէին Քրիստոսի քարոզչութեան, Խաչի մօտ եւ գերեզմանին՝ Զատկուան առաւօտեան։ Ութը կիներն էին՝ Մարիամ Մագթաղենացի, Մարիամ (Աստուածամայր), Եոհաննա, Սողոմէ, Մարիամ (Կլէոպասի կինը), Սուսաննա, Մարիամ Բեթանիացի եւ Մարթա Բեթանիացի։

Խունկ ու զմուռսը «թագաւորական ընծաներ»ն էին՝ ոսկիէն աւելի արժէքաւոր։ Զմուռսը յաճախ կը յիշուի Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ։ Ինչպէս յայտնի է, երեք մոգերը ոսկի, խունկ եւ զմուռս բերած էին Մարիամին՝ իբրեւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ Որդիին ծնունդ տուած ըլլալուն համար։ Զմուռսը երբեմն կը յիշուի Յիսուսի կեանքին ընթացքին. «Հոն զմուռսով խառնուած գինի տուին իրեն» (Մր 15.23)։ Անոր մահէն ետք, «Նիկոդեմոս իրեն հետ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս», որ գործածուեցաւ Յիսուսի մարմինը թաղման պատրաստելու համար (Յհ 19.39)։

Հայց. Եկեղեցւոյ՝ Յովակիմին եւ Աննայի նուիրուած շարականի կանոնը կ՚ըսէ.

«Որ նախիմաց իմաստութեամբ տնօրինեցեր զխորհուրդ սուրբ եկեղեցւոյ. խորագոյն արկեալ հիմունս հաստատութեան զդասս արդարոց. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։

Որ զօրհնութիւն նախաստեղծիցն աստուածազոյգ արուաց եւ իգաց. պայծառացեալ վայելչապէս ծաղկեցուցեր այսօր ի Յովակիմ եւ ի յԱննա. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։

Որ զխոստումն Աբրահամու նահապետին մեր ըստ հոգւոյ. քահանայական եւ թագաւորական գաւազանացն միացեալ ցուցեր այսօր ի յԱննայէ. աղաչանօք սոցա խնայեա ի մեզ։

Անսկիզբն աստուած անճառելի անբաւ զօրութիւն. որ ի սկզբանց յաւիտենից խնամարկեցեր զորդիս Ադամայ. գերագոյն այսօր շնորհիւ փայլեալ ցուցեր ծննդեամբ զմայր միածնիդ քո ընտրելոյ. աղաչանօք սորա խնայեա ի մեզ»։

(Դուն որ նախագէտ իմաստութեամբ սուրբ եկեղեցւոյ խորհուրդը տնօրինեցիր եւ արդարներուն դասերը խորագոյն հաստատ հիմք դրիր, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։

Դուն որ նախաստեղծ աստուածազոյգ արուներուն եւ էգերուն օրհնութիւնը այսօր վայելուչ պայծառութեամբ Յովակիմի եւ Աննայի միջոցաւ ծաղկեցուցիր, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։

Դուն որ մեր հոգեւոր նահապետին՝ Աբրահամին քու ըրած խոստումը քահանայական եւ թագաւորական իշխանութիւններուն միացած ցոյց տուիր այսօր Աննայէն, անոնց աղաչանքներով ողորմէ մեզի։

Անսկիզբ Աստուած, անճառելի անբաւ զօրութիւն, դուն որ յաւերժի սկիզբէն Ադամին որդիները խնամեցիր, այսօր ցոյց տուիր Միածինիդ մօր գերագոյն շնորհքով փայլքը իր ծնունդով. անոր աղաչանքներով ողորմէ մեզի)։