Հայ լեզուի անկիւնը

ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱԾ Է ՄԱԾՈՒՆ ԲԱՌԸ

Հետաքրքրական է նկատել, որ mazoon բառը, ըստ երեւոյթին, արաբերէն «անձրեւաբեր ամպեր» կը նշանակէ, եւ հայկական աչքը զարմանքով պիտի նկատէ, որ Mazoon անունը կը պատկանի Օմանի կաթնեղէնի ընկերութեան մը, որ այդ անունով… մածուն կը ծախէ։

Հոս կը վերջանայ արաբերէն mazoonի եւ հայերէն մածունի կապը։ Մածուն բառի հիմքը գրաբարեան մածանիլ բայն է, որ կը նշանակէ «փակիլ, թանձրանալ, մակարդուիլ, պարուրուիլ» եւ եկած է նախահնդեւրոպական m(e)hĝ («խմորել, ձեւաւորել, թանձրացնել») բայէն։ Այս արմատը, ի դէպ, շարք մը անգլերէն բառերու աղբիւրն է՝ make, macerate, amass, mass, mason, magma եւ ուրիշներ։

Գրիգոր Մագիստրոս (11րդ դար) եւ Յովհաննէս Երզնկացի (13րդ դար) մածանիլ բայի ճիշդ բացատրութիւնը տուած էին արդէն։

Եթէ պատահի, որ հանդիպիք յունարէն masoni, ռուսերէն matzoni եւ matzun բառերուն, թրքերէն բարբառային mazun եւ mazın ձեւերուն, եւ յատկապէս վրացերէն matsoni բառին, վստահ եղէք, որ բոլոր անոնք հայերէնէն փոխառութիւններ են, քանի որ նախահնդեւորոպական ĝ > հայերէն ծ հնչիւնափոխութիւնը յատուկ է հայերէնին եւ ո՛չ յունարէնին կամ ռուսերէնին, որոնք նոյնպէս հնդեւոպական լեզուներ են։ (Վրացերէնը հնդեւրոպական լեզու չէ, իսկ հայերէն բառը աւելի հին է, քան թրքերէն բարբառներու գոյութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ)։

Մածունի ծագումը վէճի առարկայ է. Կեդրոնական Ասիան, Միջագետքը եւ Հայաստանը թեկնածուներու շարքին կը գտնուին։ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղթականները սկսած են մածուն ծախել 1910ական թուականներուն։ Ամենէն ծանօթ պարագան Սարգիս եւ Ռոզ (Վարդուհի) Գոլոմպոսեաններն են, որոնք սկսած են Colombo and Sons Creamery խանութը Անտովըրի մէջ (Մէսէչուսէթս), 1929ին։ Սկիզբը գործածած են մածուն անունը, բայց յետոյ դարձուցած են եօղուրթ, քանի որ վերջինս աւելի ծանօթ էր հայկական շրջանակէն դուրս։ Colombo մակնիշը (brand) 1960ական թուականներուն մուծած է պտուղը մածունին մէջ իբրեւ նորութիւն։ Ան գոյութիւն ունեցած է ութ տասնամեակ։ Colombo ընկերութիւնը ծախուած է General Millsին 1993ին, եւ մակնիշը շրջանառութենէ դուրս ելած է 2010ին։

Մածունը, անշուշտ, սահմանները անցած է։ Եթէ այցելէք madzoon.net կայքէջը, պիտի գտնէք, որ մածունը իբրեւ հայկական արտադրութիւն հասած է մինչեւ… Փիլիպպեան կղզիները։