Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՇՈՏ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 18 Օգոստոս, 1922)

Լեզուաբան ու բառարանագիր Աշոտ Սուքիասեան գլխաւորաբար յայտնի է իր մեծածաւալ հոմանիշներու բառարանով։

Ծնած է Թիֆլիս, 18 Օգոստոս, 1922։ 1940ին աւարտած է Թիֆլիսի հայկական միջնակարգ դպրոցը, ընդունուելով Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ 1941-1942ին մասնակցած է Բ. Աշխարհամարտի կովկասեան ռազմաճակատի մարտերուն, եւ Փետրուար 1942ին ծանրօրէն վիրաւորուելով, բանակէն ազատ արձակուած է իբրեւ հաշմանդամ։ 1945ին համալսարանական ուսումը շարունակած է, աւարտելով 1948ին։

Յունիս 14, 1949ին, Աշոտ Սուքիասեանի ընտանիքը, հազարաւոր հայերու շարքին, աքսորուած է Ալթայի երկրամասի (Կեդրոնական Ասիա) խորերը։ Անոր դիմում-բողոքներուն շնորհիւ, յաջողած է ընտանիքը աքսորէն վերադարձնել քանի մը ամիս ետք։

1950ին, Սուքիասեան ընդունուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի լեզուի հիմնարկը իբրեւ հայցորդ (դոկտորականի ուսանող) «Հայ բառարանագրութիւն» մասնագիտութեամբ, աշակերտելով մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանին։ 1954ին, պաշտպանած է թեկնածուական (առաջին դոկտորական) աւարտաճառը՝ «Խորհրդահայ բառարանագրութիւը» նիւթով, իսկ նոյն տարին աշխատանքի անցած է լեզուի հիմնարկին մէջ, ուր աւագ գիտաշխատող եղած է 1954-1966ին։ 1966ին, դասախօսի պաշտօն ստանձնած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, ուր 1976-1991ին ժամանակակից հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ եղած է։ «Հոմանիշները ժամանակակից հայերէնում» մեծածաւալ մենագրութեան հիմամբ (Երեւան, 1971), 1972ին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսը։ 1974ին դարձած է փրոֆեսոր, իսկ 1980ին Հայաստան գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած է։

Ա. Սուքիասեանի աշխատութիւնները հիմնականին նուիրուած են բառագիտութեան։  1967ին հրատարակած է «Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան»ը, որ կ՚ընդգրկէ շուրջ 83.000 բառ ու դարձուածք։ Երկրորդ, վերամշակուած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 2003ին (վերատպուած՝ 2009ին), իսկ յաջորդ տարին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին։ Սերգէյ Գալստեանի հեղինակակցութեամբ, կազմած է «Արդի հայերէնի դարձուածաբանական բառարանը» (1975)։ Սուքիասեանի «Ժամանակակից հայոց լեզու (հնչիւնաբանութիւն, բառագիտութիւն, բառակազմութիւն») աշխատութիւնը ունեցած է երեք հրատարակութիւն (1982, 1987 եւ 1989)։ Կազմած է հոմանիշներու բառարան մը դպրոցականներու համար (2000)։

Վաստակաւոր լեզուաբանն ու բառարանագիրը մահացած է 15 Յունուար, 2007ին, Երեւանի մէջ։