Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՕԳՈՍՏՈՍ Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՕԳՈՍՏՈՍ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 9:8-19

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 4:3541

Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.

Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:

Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.

Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛:

Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. Տակաւի՞ն հաւատք չունիք:

Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ’ըսէին.

Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-11

Ես՝ Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ ամբողջ Աքայիայի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուդ: Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի:

Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղութեանց մէջ են: Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ’ըլլանք Քրիստոսի չար­չարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի: Մենք նեղութեանց կ’ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկութիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ’օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնե­լու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ՝ որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները, որ մենք հիմա կը կրենք: Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք, մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք:

Եղբայրնե՛ր, կ’ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ: Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք: Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ: Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները: Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք  որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝ մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ: Եւ ձեր աղօթքները, որոնց շնորհիւ Աստուած իր հովանին անպակաս պիտի ընէ մեր վրայէն, պատճառ պիտի ըլլան որ շատեր մեզի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ: