Տօներ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԳՕՏԻԻ ԳԻՒՏԻ ՏՕՆԸ

Աստուածամօր պատկանող իրերու գիւտին առթած ուրախութիւնը դժուար կարելի է երեւակայել։ Այս Կիրակի, 27 Օգոստոս, Վերափոխման երրորդ Կիրակին, Ս. Աստուածածնի գօտիի գիւտի տօնն է։ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուած ըլլալով, երկրային մարմինէն նշխարներ գոյութիւն չունէին, հետեւաբար՝ անոր անձնական իրերը յարգանքի առարկայ դարձան եւ վաղ Եկեղեցւոյ շրջանին, երբ քրիստոնեաները հալածանքի ենթարկուած էին, թաքուն ու գաղտնի պահպանուեցան։ Անոր գօտին առաջին առարկան եղաւ, որ յայտնաբերուեցաւ Երուսաղէմի մէջ՝ 5րդ դարուն։ Այս գիւտը Ս. Աստուածածնին նուիրուած ութը տօներէն մէկն է մեր տօնացոյցին մէջ։