Սուրբեր

Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒ ՅՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻ

Այսօր՝ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Յոբ Երանելիի տօնը։ Յովհաննէս, որ ծանօթ է Կարապետ եւ Մկրտիչ մակդիրներով, ընդունուած է իբրեւ Մեսիայի առաքելութեան ճանապարհը հարթող։ Ապրելով իբրեւ ճգնաւոր Յուդայի անապատին մէջ, երեսուն տարեկանին սկսած է քարոզել ժամանակի չարիքներուն դէմ եւ կոչ ուղղած է ապաշխարութեան ու մկրտութեան, որովհետեւ «երկինքի արքայութիւնը մօտ է» (Մտ 3.2)։

Յոբ բարի եւ ուղղամիտ անձ մըն է, որ կը դիմագրաւէ իրերայաջորդ աղէտներ, բայց կը դիմանայ բոլորին։ Հետեւաբար, «Յոբի համբերութիւն» խօսքը մտած է ժողովրդական լեզուի մէջ։ Յոբի գիրքը Աստուածաշունչի հինգ «բանաստեղծական գիրքեր»էն մէկն է։ Անոր կեդրոնական նիւթը տառապանքի խորհուրդն է։ Ի վերջոյ, Յոբ կը հատուցուի, որովհետեւ «Տէրը Յոբի կեանքի վերջին շրջանը աւելի օրհնեց, քան առաջին շրջանը» եւ «Յոբ, այս հարուածներէն ետք, ապրեցաւ հարիւր եօթանասուն տարի (ան ապրեցաւ ընդամէնը երկու հարիւր քառասուն եւ ութ տարի)։ Յոբ տեսաւ իր զաւակները եւ որդիներու որդիները մինչեւ չորրորդ սերունդը եւ վախճանեցաւ խոր ծերութեան մէջ։