Տօներ

ՆԻԿԻՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Նիկիոյ տիեզերական ժողովը գումարուեցաւ 325 թուականին Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով եւ եկեղեցական պետերու առաջարկով: Կոստանդին հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցւոյ 1800 բարձրաստիճան հոգեւորականներ հրաւիրեց: Մասնակցողներու տարբեր թիւեր տրուած են  երեք ներկաներու կողմէ, բայց 318 թիւը պատուիրակներու ընդունուած պաշտօնական թիւն է: Քանի որ իւրաքանչիւր պատուիրակ իր հետ կրնար բերել երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ, հետեւաբար ներկաներու թիւը աւելի էր: Այդ ժողովին քննարկուեցան շարք մը վիճայարոյց նիւթեր, որոնց շարքին՝ արիոսականութեան հարցը, Զատկի թուականը, Եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու կառուցուածքը, աղօթքի պահուն ծունկի գալու հարցը եւ այլն: Թերեւս ամենէն կարեւոր արդիւնքը Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հանգանակի ստեղծումն էր։ Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին, կը նշենք այս բացառիկ իրադարձութիւնը՝ Տիեզերական առաջին Ժողովը։

Ժողովի եզրափակումէն առաջ, պատուիրակները նշեցին Կոստանդին կայսեր 20ամեակը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր հակակրանքը արտայայտեց դաւանական բանավէճերու հանդէպ, յայտնելով այն փափաքը, որ Եկեղեցին ապրի ներդաշնակ, խաղաղ եւ միասնական:

Հայ Եկեղեցին ներկայացուցած է Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէսը: Նիկիոյ տիեզերական համաժողովը յիշուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի կողմէ: Հետագայ դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը ակնածանքով անդրադարձած են Նիկիոյ ժողովին իրենց գրութիւններուն մէջ: Համաժողովը դատապարտած է արիոսականութիւնը, որ կը ժխտէ Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը, եւ հռչակած՝ ուղղափառ դաւանանքը՝ «Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած» («Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին, որ Հօր Աստուծմէ ծնած է որպէս միակ ծնունդ․ այսինքն՝ Հօրը էութենէն է։ Աստուած է՝ Աստուծմէ ծնած, լոյս է՝ լոյսէն յառաջ եկած։ Ճշմարիտ Աստուծմէն ծնած ճշմարիտ Աստուած է, եւ ո՛չ՝ արարած»)։ Նիկիոյ Հանգանակը կ՛արտասանուի Ս. Պատարագի ընթացքին: