Տօներ

ՏՕՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ

Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Աստուածածնի Ծննդեան տօնը։ Աստուածամօր ծնունդը յիշուած չէ Աստուածաշունչին մէջ. անոր նկարագրութիւնը մեզի հասած է այլ գրութիւններու ճամբով, որոնք Նոր Կտակարանի մաս չեն կազմեր։ Ըստ աւանդութեան, Յովակիմն ու Աննան հաւատարիմ ու բարեպաշտ մարդիկ էին, որոնք կը սպասէին խոստացուած Մեսիայի գալուստին։ Տարեց ու անզաւակ ամուսինները աղօթեցին Աստուծոյ՝ զաւակի մը խնդրանքով, եւ օրհնուեցան դուստրով մը, զոր կոչեցին Մարիամ եւ որ դարձաւ Մեսիայի մայրը։