Առաջնորդարանէն

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՐԳԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՓՐՈՖ. ՆԻՆԱ ԿԱՐՍՈՅԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի, եւ արուեստաբան դոկտ. Սիլվի Մէրեանի, Riverside Memorial Chapelի մէջ թաղման՝ Եկեղեցւոյ Կարգի արարողութիւն կատարեց հանգուցեալ փրոֆ. Նինա Կարսոյեանի համար, որուն մարմինը պիտի փոխադրուի Փարիզ եւ Հոկտեմբեր 16ին պիտի հանգչի ընտանեկան դամբարանին մէջ։