Սուրբեր

ՍՈՒՐԲ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐԸ

Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Աւետարանիչներու՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի տօնը։ Աւետարանիչ կը նշանակէ «բարի լուր բերող»։ Սուրբ Հոգին աւետարանիչներուն մասնայատուկ շնորհք կու տայ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը պարզ ու մեկին հաղորդելու։ Տիեզերական եկեղեցւոյ առաջին օրերուն, աւետարանչութիւնը առաքեալներուն գլխաւոր նպատակն էր։ 3րդ դարուն, չորս կանոնական Աւետարաններուն հեղինակները իբրեւ Սուրբ Աւետարանիչներ ճանչցուեցան, իսկ Եկեղեցւոյ աճը պատճառ դարձաւ, որ «աւետարանիչ» բառը սկսէր սահմանել յատուկ պաշտօն մը, որ կը ներառնէր առաքեալներ, մարգարէներ, աւետարանիչներ, հովիւներ եւ ուսուցիչներ (Թուղթ Եփեսացիներուն, 4:11-12)։

Մատթէոս, որ իր ասպարէզով հարկահաւաք էր, Քրիստոսի կոչին վրայ դարձաւ տասներկու աշակերտներէն մէկը։ Մատթէոսի Աւետարանը, ուղղուած ըլլալով հրեայ լսարանի, Քրիստոսը կը ներկայացնէ իբրեւ Հին Կտակարանի լրումը։ Գիրքը կը փակուի Յիսուսի հրահանգով Իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն. «Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները, որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28: 19-20)։

Մարկոս կարեւոր դեր խաղացած է քրիստոնէութեան յառաջդիմութեան մէջ։ Թէեւ Մարկոսի Աւետարանը Յիսուսի կեանքի պատում մըն է, աստուածաբանները զայն աշակերտութեան ձեռնարկ մը կը նկատեն։ Անոր տիրական պատգամը այն է, որ քրիստոնեայ ըլլալը ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալ է, այլեւ Յիսուսի հաստատած օրինակով ապրիլ։ Ըստ աւանդութեան, Մարկոս Աղեքսանդրիոյ առաջին եպիսկոպոսը եղած է։ Անոր նշխարները Եգիպտոսի եւ Վենետիկի մէջ կը գտնուին։

Ղուկաս հեղինակած է երրորդ Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոցը։ Բժիշկներու եւ արուեստագէտներու հովանաւորը կը համարուի։ Ղուկասի Աւետարանը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ աշխարհի ցաւերը բուժող։ Այս Աւետարանը կը բնորոշուի աղքատներու, կիներու եւ ընկերութենէն մերժուածներու նկատմամբ իր մտահոգութեամբ։ Ան չի վերջանար Յարութեամբ, այլ կ՚անդրադառնայ Հոգեգալուստին եւ Քրիստոսի յաւերժական ներկայութեան։ Աւանդաբար կը կարծուի, որ Ղուկաս մաս կը կազմէր Յիսուսի կազմած 72 առաքեալներու խումբին եւ որ Էմմաուսի ճամբուն վրայ Յիսուսին հանդիպած անանուն աշակերտն էր։

Յովհաննէս, յաճախ՝ «սիրեցեալ աշակերտ» կոչուած, չորրորդ Աւետարանի հեղինակն է։ Տասներկու աշակերտներէն միակն է, որ Քրիստոսի Խաչին ներքեւ կանգնած է։ Խաչելութեան օրը, Յիսուս իր մայրը վստահած է Յովհաննէսին։ Յովհաննէսի Աւետարանին ամենածանօթ համարը հետեւեալն է. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։ Ըստ աւանդութեան, Յովհաննէս ձգած է Երուսաղէմը առաջին ժողովէն ետք (35 թուական) ու Փոքր Ասիա մեկնած, հաստատուելով Եփեսոսի մէջ։ Այնուհետեւ աքսորուած է Պատմոսի կղզին, ուր գրած է Յայտնութեան գիրքը։