Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ (մահ՝ 13 Հոկտեմբեր, 1966)

Եդուարդ Պօյաճեան՝ ստեղծագործական իր ուժերու լիութեան մէջ մահացած լիբանանահայ բանաստեղծն ու արձակագիրը, 1940-1960ական թուականներուն սփիւռքահայ գրականութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է։

Ծնած է 9 Ապրիլ, 1915ին, Մուսա լերան շրջանի Խտըր Պէկ գիւղը։ Ե­րեք ամ­սու նորածին մըն էր, երբ շրջակայ գիւղերու հա­յու­թիւ­նը բարձրա­ցաւ լեռ՝ յաղթական ինքնապաշտպանութեամբ դիմադրելով թուրք պետութեան յարձակման եւ փրկուելով ցեղասպանութենէ։

Ման­կու­թեան չորս տա­րի­նե­րը ան­ցուցած է ­Փորթ ­Սա­յիտ, Ե­գիպ­տոս, վրան­նե­րու տակ, ուր ֆրան­սա­կան փրկա­րար ռազ­մա­նա­ւե­րը փո­խադ­րած էին ­Մու­սա ­լե­րան ժողովուրդը։ Ա­. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, ըն­տա­նի­քը վե­րա­հաս­տա­տո­ւած է Խ­տըր-­Պէկ, ուր ապագայ գրագէտը ստա­ցած է իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը՝ ծննդա­վայրի եւ հա­րե­ւան Օ­ղուն-Օ­լու­ք գիւղի հա­մեստ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։

1930ին, ու­սում­նա­տենչ պա­տա­նին ղրկո­ւած է ­Պէյ­րութ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի նո­րա­բաց ­Հայ Ճե­մա­րա­նը, ուր ստացած է իր երկրորդական կրթութիւնը։ 1932ին, տակաւին աշակերտ, սկսած է աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին՝ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ» (Փարիզ) եւ «Ազդակ» (Պէյրութ) օրաթերթերուն։

1935ին, նետուած է ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ յաջորդ երեք տասնամեակներուն նուիրո­ւե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րու­թեան գոր­ծին։ Գոր­ծած է Սու­րիոյ Թէլ Ա­պեատ գիւ­ղին, ծննդա­վայր Խտըր-­Պէ­կի, Այն­ճա­րի, ­Հա­լէ­պի, ­Քե­սա­պի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ։ ­Ու­սուց­չա­կան իր ծառայութեան զու­գա­հեռ, Ե­դուարդ ­Պո­յա­ճեան գրական-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշխատան­քը զարգացուցած է, աշխատակցելով «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, «Նայիրի»ին, ­«­Հասկ»ին, «Ա­կօս»ին եւ «Ազ­դա­րար»ին։ 1962ին, մաս կազ­մած է «Բագին» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիր խմբագ­րու­թեան՝ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի եւ Պօ­ղոս Սնապեանի հետ։

Ուսուցչական սպառիչ գործունէութեան զուգահեռ, անընդհատ արտադրած է։ Բանաստեղծական, արձակ, վերլուծական գործեր ու գրադատական էջեր կը մնան ցրուած մամուլին մէջ։ 1944ին լոյս ըն­ծա­յած է իր ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «­Սէր եւ ­վիշտ», ո­րուն յա­ջոր­դած են «­Հո­ղը» (1948), «­Պայ­քա­րող­ներ, պայ­քա­րող­ներ դուք գա­զա­զած» (1958), «­Թուղթ ­զա­ւակ­նե­րուս» (1961), «­Տո­մար ­տա­րագ­րի» (1963) եւ «Եր­կու ­նա­մակ» (1964) գոր­ծե­րը։ Եղած է հայ­րե­նի կո­րու­սեալ հո­ղին ու ա­նով շա­ղա­խո­ւած մար­դիկը, ա­նոնց ազ­գա­յին ու տոհ­միկ ար­ժէք­նե­րը ինքնատիպ կերպով վեր հանող գրագէտը։

Պօյաճեան մահացած է 13 ­Հոկ­տեմ­բե­ր, 1966ին, 51 տա­րեկանին, Պէյրութի մէջ։ Մամուլի տակ ունէր «Դէմքեր» հատորը։ Յետմահու լոյս տեսած են ուրիշ հատորներ՝  «Եր­կեր. Ա. հա­տոր» (1968), «Ծննդա­վայր ­կո­րու­սեալ» (1984), «Ընտ­րա­նի» (1994), «Կեան­քի ափե­րէն» (1995) եւ «Դուն» (2005)։ Երեւանի մէջ Եդուարդ Պօյաճեանի անունը կը կրէ հանրային դպրոց մը, որ կը գտնուի Ազգային Առաջնորդարանի «Եդուարդ եւ Արաքսի Պօյաճեան» հիմնադրամի հովանաւորութեան տակ։