Առաջնորդարանէն

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏ) ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս) Նիւ Եորք) ծխականները վայելեցին վերանորոգման սքանչելի առիթ մը, դիմաւորելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը եւ սրբալոյս նորոգ օրհնուած միւռոնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագը մատուցանեց ու քարոզեց։ Յաւարտ սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։