Սուրբեր

Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ

Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի տօնը։ Այս հոգեւորականը, որ իբրեւ սուրբ ճանչցուած է Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կողմէ, նշանաւոր էր իր պերճախօսութեամբ Սուրիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, ուրկէ կու գայ անոր Ոսկեբերան անուանումը։ Ոսկեբերան հռչակուած է Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝ 451 թուականի Քաղկեդոնի ժողովին, եւ քարոզիչներու հովանաւոր դասուած՝ Հռոմի Պիոս Ժ. Պապին կողմէ, անցեալ դարուն:

Ոսկեբերան 21 տարեկանին քրիստոնէութիւնը ընդունած է 368 թուականին։ Հրաժարած է մեծ ժառանգութենէ եւ խոստմնալից իրաւաբանական ասպարէզէ, քաշուելով լեռնային քարանձաւ մը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Եկեղեցական ձեռնադրուելէ ետք, անոր քարոզները մեծ թիւով ունկնդիրներ հրապուրած են։ Քննադատած է հարուստ քրիստոնեաներ, որոնք պարզապէս թանկագին իրեր կը նուիրէին՝ եկեղեցիներու մէջ ցուցադրուելու համար։

Յովհան Ոսկեբերանի սուր քննադատութիւնները լուրջ պատճառ եղած են, որ քանիցս աքսորուի։ Անոր խօսքն ու գործը խոր ազդեցութիւն ունեցած են Հայց. Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ու աստուածաբանութեան վրայ, քանի որ աքսորի վերջին տարիները Հայաստանի մէջ անցուցած է։ Ոսկեբերանի քանի մը կարեւոր գործեր մեզի հասած են միայն հայերէն թարգմանուած ձեռագիրներու միջոցաւ: