Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՇՈՏ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ (մահ՝ 3 Նոյեմբեր, 1997)

Խորհրդային վարչակարգի օրերուն, Աշոտ Նաւասարդեան անկախութեան ջահը վառ պահողներէն եղած է, որ հետագային իր ներդրումը բերած է անկախ Հայաստանի կառուցման առաջին տարիներուն։ Հիմնած է Հանրապետական Կուսակցութիւնը, որ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ էական դեր ունեցած է 1998-2018 թուականներուն։

Ծնած է 28 Մարտ, 1950ին, Երեւանի մէջ, ուր աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղը։ Պատանեկան տարիքին անդամակցած է  ընդյատակեայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան (1968), որուն Խորհուրդին անդամ եղած է 1973ին։ Հետագային հետեւած է Գարեգին Նժդեհի ցեղակրօնութեան գաղարախօսութեան, հանդէս գալով խորհրդային ամբողջատիրական համակարգի քննադատութեամբ եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան։ Նաւասարդեան հայ ժողովուրի ապագան կապած է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հետ։ Նման գաղափարներու տարածման համար երեք անգամ ձերբակալուած եւ ընդամէնը 17 տարուան բանտարկութեան ու 5 տարուան աքսորի դատապարտուած է։ Շուրջ 12 տարի անցուցած է կալանավայրերու մէջ, ներառեալ՝ 7 տարի բանտային եւ յատուկ վիճակի պայմաններու մէջ, վաղաժամ ազատելով երկրորդ եւ երրորդ անգամ։

1987 թուականին ազատ արձակուելէ ետք, քաղաքական գործունէութիւնը շարունակած է եւ 1989-1990ին Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման Խորհուրդի անդամ եղած է։ Օգոստոս 1990ին, Հայաստանի Գերագոյն Դատարանի որոշումով արդարացած է, յանցագործութեան փաստերու բացակայութեան պատճառով։

Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման Խորհուրդի անդամներուն հետ, Աշոտ Նաւասարդեան հիմնած ու ղեկավարած է «Անկախութեան բանակ» ռազմա-քաղաքական կազմակերպութիւնը (1989), որ մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան եւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն Երասխաւանէն մինչեւ Մարտակերտ, Քելբաջար (Քարվաճառ), Լաչին (Բերձոր), Շուշի եւ այլն։ Պարգեւատրուած է առաջին աստիճանի Մարտական խաչով։

1990 թուականին, Նաւասարդեան հիմնած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը եւ անոր առաջին ղեկավարը եղած՝ մինչեւ մահ։ Նոյն տարին ընտրուած է Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եւ 1990-1995 թուականներուն եղած է Գերագոյն Խորհուրդի անկախ պետականութեան հաստատման եւ ազգային քաղաքականութեան հարցերու եւ սահմանադրական յանձնաժողովներու անդամ։ 1995ին ընտրուելով Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, 1995-1997 թուականներուն անոր պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ։ Սրտի հիւանդութեան պատճառով մահացած է 3 Նոյեմբեր, 1997ին, 47 տարեկանին, Երեւանի մէջ։

Աշոտ Նաւասարդեանի անունը կը կրէ Երեւանի մէկ դպրոցը։