Սուրբեր

ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՒ ՄԻՔԱՅԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏՆԵՐԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետներուն տօնը: «Հրեշտակ» բառը կը նշանակէ սուրհանդակ եւ պատգամաւոր: «Հրեշտակապետ» տիտղոսը կը տրուի երկնային նուիրապետութեան մէջ բարձր կարգի հրեշտակներուն: Միքայէլ եւ Գաբրիէլ միակ հրեշտակներն են, որոնք այս տիտղոսը ստացած են:

Միքայէլ (եբրայերէն՝ «Ան որ Աստուծոյ պէս է») բոլոր հրեշտակներուն իշխանն է եւ երկնային զօրքերու առաջնորդը: Ան ընդհանրապէս կը համարուի քրիստոնեաներու, եւ մասնաւորապէս զինուորներու պահապանը, ինչպէս եւ ուղղափառ հաւատքի պահապանն ու հերձուածներու դէմ պաշտպանը:

Գաբրիէլ (եբրայերէն՝ «Աստուծոյ ոյժ») Աստուծոյ գլխաւոր պատգամաբերն է։ Ան յայտնուեցաւ Դանիէլ մարգարէին, բացայայտելով տեսիլքի մը (Դանիէլ 8:16-26) եւ մարգարէութեան մը վաւերականութիւնը (Դանիէլ 9:21-27)։ Կանխատեսած է Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը եւ եղած՝ Քրիստոսի ապագայ ծնունդը յայտարարող սուրհանդակը (Ղուկաս 1:11-21)։

«Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին» (Եբր 13։2)։