Սուրբեր

ՏՕՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ

Շաբաթ, 4 Նոյեմբերին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Ամենայն Սրբոց տօնը, նորոց եւ հնոց, յայտից եւ անյայտից։ Այս տօնը կը ներառէ բոլոր այն սուրբերը, որոնք Եկեղեցւոյ ցանկէն կրնան բացակայ ըլլալ եւ որոնք մեզի յայտնի չեն։ Արեւմտեան եկեղեցիները նոյն տօնը Նոյեմբեր 1ին կը նշեն։ Ըստ մեր եկեղեցական աւանդութեան, թուականը փոփոխական է, կապուած ըլլալով Խաչի տօնին հետ։ Հետեւաբար, Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Նոյեմբերին կրնայ նշուիլ։