Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը սկսաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր։

Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ շուրջ 125 երկսեռ  պատգամաւորներ։

Ժողովին կը մասնակցին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ինչպէս եւ հետեւեալ պատգամաւորները. Յակոբ Խաչատուրեան, Թամար Գանարեան, Արամ Յովակիմեան, Մայքլ Կոստանեան, Արա Պարսումեան, մեթր Ռիչըրտ Սարաճեան, Վեհ Պզտիկեան, տոքթ. Գարլօ Պայրագտարեան, մեթր Արմէն Մորեան, Զարմայր Սեդրաքեան եւ Յովսէփ Աւագեան։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց եւ իր ողջոյնի խօսքէն ետք, առաջարկեց պատգամաւորներու երիցագոյն ու կրտսերագոյն անդամներէ կազմուած առժամեայ դիւանի նշանակում, որուն յաջորդեց մնայուն դիւանի ընտրութիւնը: Համա-ատենապետներ ընտրուեցան Վաչէ Նաճարեան (Լիբանանի թեմ) եւ Արա Շահվէրտեան (Թեհրանի թեմ), իսկ դոկտ. Հուրի Ազէզեան (Բերիոյ թեմ) եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան (Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ)՝ համա-ատենադպիրներ: Դիւանը հետեւեալ յանձնախումբերը ընտրեց.  Լիազօրագրերու Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ Յունաստանի թեմ, Վահան Այնէճեան՝ Կիպրոսի թեմ, Քեռի Սարգիսեան՝ Քուէյթի թեմ), Բանաձեւի Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան՝ Ատրպատականի թեմ, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ Արեւմտեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Զարմայր Սեդրաքեան՝ Արեւելեան թեմ, Միացեալ Նահանգներ, Նորայր Արամեան՝ Թեհրանի թեմ, Շահան Գանտահարեան՝ Լիբանանի թեմ), Ընտրական Յանձնախումբ (Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թեմ, Վիգէն Աւագեան՝ Լիբանանի թեմ, Յարութիւն Հայրապետեան՝ Բերիոյ թեմ, Ծովիկ Թէրզեան՝ Գանատայի թեմ, Նոէլ Մինասեան՝ Սպահանի թեմ), Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ (Մարկոս Սնապեան, Արա Հացագործեան եւ Յակոբ Քէշիշեան):

Ապա ատենապետը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու Ժողովին: Նորին Սրբութիւնը յիշելէ ետք, որ վերջին հինգ տարիները տագնապալից տարիներ եղան՝ համավարակին, Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Լիբանանի ընկերա-տնտեսական տագնապին հետեւանքով, յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք Կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկանշական երեսներուն ու իրագործումներուն, յառաջիկայ շրջանին համար որպէս աշխատանքի հիմնական բնագաւառներ շեշտեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները. Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգում, մարդուժի պատրաստութիւն, արժէքներու վերաշեշտում, Սփիւռքի վերակազմակերպում, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն:

Յաջորդող նիստերուն տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացում: Տեղեկագիրները համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ: Հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուաւ ու արժեւորումներ կատարեց: